Գրեց՝ ԱՐԻ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
Կէտ մը կայ որ բաւական ժամանակէ ի վեր սրտնեղութիւն կը պատճառէ ինծի։ Վստահաբար կան նաեւ ուրիշներ, որոնք ինծի պէս անհանգիստ են։
Բոլոր այն ծանուցում կամ յայտարարութիւնները որոնք պաշտօնական ըլլալու հանգամանքով՝ վերջերս կը տեղաւորուին թուային հարթակներուն վրայ, լուրջ խնդրի մը ծագելուն պատճառ կը դառնան։
Անոնց մեծամասնութիւնը կը վխտայ ուղղագրական, լեզուական, քերականական կամ գրաշարական սխալներով։ Մենք որ ազգ մը, համայնք մըն ենք որ կը հպարտանանք մեր մայրենիով, մեր մեծասքանչով՝ չենք կրնար անձայն մնալ այսպիսի գայթակղութեան մը դիմաց։
Այո՛, ճիշդ է որ այդ ծանուցումները կամ յայտարարութիւնները երկար ժամանակ պիտի չմնան համացանցի վրայ, թերեւս քանի մը օր, քանի մը շաբաթ, առաւելագոյնը մէկ-երկու ամիս յետոյ պիտի կորսուին, պիտի սրբուին, պիտի մոռցուին։ Թուային հարթակները պիտի չկարենան իրենց խօսքը տպագիր թերթերու նման արձանագրել պատմութեան էջերու վրայ, բայց եւ այնպէս, այս իրականութիւնը մեղմացուցիչ պատճառ մը չէ մեր լեզուին հանդէպ այսպիսի արհամարհանքի մը իրագործումին։
Ի՞նչպէս արգելք ըլլալ այս լեզուական «ոճրագործութեան»։
Անոնց համեստաբար քանի մը առաջարկ պիտի ընեմ՝ սկսելով ամենադժուարինէն դէպի ամենադիւրինի իրականացման կամ գործադրութեան։
Ա. Հայերէն սորվեցէ՛ք։
Բ. Հայերէն գիտցող մէկը գտէ՛ք։
Գ. Թուային հարթակներու տեղ հայ թերթը նախընտրեցէ՛ք ուր մեր մայրենին դեռ կը վայելէ իր իշխանութիւնը։
Դ. Եթէ «Ընդօրինակէ ու փակցուր» (քօփիալա-եափըշթըր) կ’ընէք, վերջացնելէ ետք գոնէ անգամ մը կարդացէք ձեր ըրածը։
Ե. Լաւագոյն լուծո՞ւմը։ Ձգեցէք սա հայերէնը, արդէն լմնցեր է, մէկ մըն ալ դուք մի՛ մեռցնէք։ Ի՞նչ պէտք ունիք։ Գործածեցէ՛ք տեղական լեզուն եւ այդքանով բաւականացէ՛ք։
https://www.facebook.com/photo?fbid=632658589794225&set=a.135021036224652
İlk yorum yapan siz olun