İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՀՌՈՄԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՊԸ

Ինչպէս ծանօթ է, 8 Մայիս 2025ին կատարուած ընտրութեամբ, Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ ու Հռոմի Պապ ընտրուեցաւ Կարտինալ Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեւոստ՝ Լեւոն ԺԴ անունով:

Նոյն առթիւ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը նամակով մը շնորհաւորեց ընտրութիւնը եւ ըսաւ.

«Մեր Տիրոջ եւ Փրկչի Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան աւետիսի տօնախմբուած այս օրերուն Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդութեան Ձեր ընտրութեան լուրը ստացանք ուրախութեամբ։ Այս պահուն կը յիշենք Պօղոս Առաքեալի խօսքը. «Եւ եթէ մէկ անդամը նեղութիւն կրէ, բոլոր անդամները կը նեղուին անոր հետ եւ եթէ մէկ անդամը փառաւորուի, բոլոր անդամները կ՚ուրախանան անոր հետ։» (Ա. Կորնթացիս 12.26): Երանաշնորհ Փրանսիսկոս Պապի վախճանմամբ յառաջացած ցաւին ցաւակից եղանք որպէս քոյր եկեղեցի։ Այժմ ժամ է ուրախակից դառնալու երբ թափուր մնացած քահանայապետական աթոռը Ձեր ընտրութեամբ կ՚օժտուի նոր գահակալով։ Օրհնեալ ըլլայ Աստուծոյ կամքը։

Երբ կը նայինք մերօրեայ աշխարհին ականատեսը կ՚ըլլանք ժխտականութեամբ ծանօթ տեսարանի մը։ Պատերազմներ, բախումներ, հաւատքի տկարութիւններ, անհաւատութիւններ, որոնք դժբախտաբար յուսահատութիւն կը յառաջացնեն մարդկային ընկերութենէն ներս։ Մենք կը հաւատանք որ Ձեր որպէս քոյր Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետի ազդեցիկ հանգամանքը դրական քայլերու կրնայ բանալ նոր շրջան մը ի փառս Աստուծոյ եւ ի մխիթարութիւն ցաւատանջ հոգիներու։

Նաեւ վստահ ենք, որ մեր Տիրոջ աղօթքի բառերը «Որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան, ինչպէս դո՛ւն, Հայր, իմ մէջս, եւ ես՝ քու մէջդ» (Յովհ. 17.21) պիտի շարունակէ ներշնչել Ձեզ, միջեկեղեցական յարաբերութեանց զօրացման, ինչ որ կենսական է մերօրեայ շրջանին»։

Նորին Ամենապատուութիւնը այս առիթով, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, Կրօնական Ժողովոյ, Թուրքիոյ Հայ համայնքի հոգեւոր դասու եւ հաւատացեալներու յայտնեց շնորհաւորութիւնները եւ վստահեցուց, որ կը շարունակէ աղօթել Նորին Սրբութեան առաքելութեան յաջողութեան համար։

Մեր Հոգեւոր Պետը նորընտիր Սրբազան Քահանայապետին հայցեց Աստուծոյ օգնականութիւնը եւ մաղթեց, որ իր ուսերուն վրայ դրուած Փրկչի քաղցր լուծն ու թեթեւ բեռը կրէ հոգեւոր դասու համագործակցութեամբ:

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın