İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ

Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը ծանուցանենք, թէ 24 Ապրիլ 2025, Հինգշաբթի, Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ բարեխօսական կարգով կը յիշատակուին 1915-ի տեղահանութեան ընթացքին վասն հաւատոյ իրենց կեանքերը կորուսած եւ սրբադասուած նահատակները։ 

Արարողութեանց պիտի նախագահէ՝ 

Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ

Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ՝ ՀՈԳՇ. Տ. ԵՂԻՇԷ ՎՐԴ. ՈՒՉՔՈՒՆԵԱՆ

Առաւօտեան երգեցողութիւնները պիտի կատարուին Պատրիարքական Աթոռոյս միաբաններու եւ քահանայ հայրերու կողմէ։ Իսկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները պիտի կատարուին Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, ղեկավարութեամբ Բրշ. Էտվին Յարութիւն Սրկ. Կալիպեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Տիկին Լիւսի Քահվէճիօղլուի։

Սիրով կը հրաւիրենք մեր համայնքային եւ թաղային պաշտօնական մարմինները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակցելու Ս. Պատարագին։

Սկիզբ Ժամերգ. 09.00

Ս. Պատարագ 10.30

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ

https://www.facebook.com/photo?fbid=980316657638233&set=a.388050840198154

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın