Մեր արժէքաւոր օփերային երգչուհի սիրելի Գարին Պօզգուրթ երէկ հիւրն էր «Շարժանկարի նման Կեանքեր» (Film Gibi Hayatlar) յայտագրին որ ամէն Կիրակի կը սփռուի ԹՌԹ-2 հեռատեսիլի կայանէն, հաղորդավարութեամբ թուրք համբաւաւոր դերասանուհի Հիւլեա Գօչեիղիթի։ Մէկ ժամ տեւողութեամբ յայտագրի ընթացքին երկու արուեստագիտուհիները համով հոտով զրուցեցին։ Գարին պատասխանեց Գօչեիղիթի զանազան հարցումներուն, որոնք կ’առնչուէին թէ՛ իր բժշկական ասպարէզին թէ՛ իր արուեստին եւ թէ՛ իր առօրեայ կեանքին։ Պէտք է անմիջապէս շեշտել թէ Գարին ամբողջ զրոյցի ընթացքին խօսեցաւ շատ յստակ, համարձակ ոճով, բանախօսի մը նման՝ սահուն եւ կատարեալ թրքերէնով։
Ան, միշտ շեշտելով իր հայկական պատկանելիութիւնը ու եկեղեցիին իր կեանքին մէջ ունեցած կարեւորութիւնը, պատմեց թէ ինչպէս իր ընտանիքին, մա՛նաւանդ իր սիրելի մեծհօր ազդեցութեամբ ու քաջալերութեամբ դարձած է երաժշտութեան երկրպագու մը, յետոյ՝ իբրեւ ասպարէզ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ ընտրած է բժշկութիւնը։
Մեր սիրելի բժիշկ-արուեստագիտուհին խօսեցաւ Պէյօղլու փոքրիկ սրահի մը մէջ կոկիկ հանդիսականներու առջեւ իր սարքած առաջին համերգին մասին, չմոռցաւ նաեւ երախտագիտութեամբ յիշելու մեր աւագ խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանին այդ համերգէն յետոյ գրի առած քաջալերիչ գրութիւնը։ Անդրադարձաւ կնոջական հիւանդութիւններուն, ըրաւ կարեւոր ստուգումներ կնոջ առողջութեան կարեւորութեան մասին։
Գարին ինքզինքը լաւագոյնս նկարագրեց երբ ըսաւ՝ «երեւակայեցէք թէ ձեր սարքած համերգէն տուն կը վերադառնաք, դեռ ձեր համերգի յատուկ զգեստը հանելու անգամ ժամանակ չգտած կը ստիպուիք անմիջապէս ձեր փոքրիկ զաւկին կարիքները հոգալ, հետեւեալ առտու հիւանդանոց կը փութաք նոր աշխարհ բերելու համար երախայ մը»։ Ահաւասիկ Գարինը՝ իբրեւ արուեստագիտուհի, մայր ու բժիշկ։
Յայտագրի ընթացքին ցուցադրուեցան Գարինի համերգներէն նմոյշներ ալ, որոնցմով մեր արուեստագիտուհիին հզօր ձայնը պետական կայանի մը վրայէն հասաւ բովանդակ երկրին դիտորդներուն։
Յիշեցնենք թէ Գարին Պօզքուրթ այս Կիրակի Զօրլու համերգասրահին մէջ իբրեւ հիւր արուեստագիտուհի համերգ մը պիտի ունենայ համբաւաւոր երգիչ Ֆէրհաթ Կէօչէրի հետ։
Այժմէն յաջողութիւն կը մաղթենք։
Ա. Հ.
İlk yorum yapan siz olun