İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդարանը մեծ ուրախութեամբ կ’ընկալէ եւ հանրութեան կը փոխանցէ, Հռոմի Սուրբ Աթոռի պաշտօնական բանբերին 31 Մարտ 2025 թիւին յայտարարութիւնը, ուր կը յայտարարուի թէ Փրանկիսկոս Սրբազան Պապը յետ յատուկ յանձնախումբի աշխատանքներուն եւ Կարդինալներու Ժողովի համաձայնութեան, Մարտինի Հայ Կաթողիկէ Թեմի վերջին Արքեպիսկոպոս եւ Զմմառու Միաբան Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը (1867-1915) ընդունեց սուրբերու կանոնական շարքին մէջ եւ մօտ օրէն հանդիսաւոր կերպով պիտի յայտարարէ զայն որպէս Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան:

Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդարանը այս ուրախ առիթով նախ գոհութեան աղօթքներ կը բարձրացնէ առ Աստուած, որովհետեւ այս սուրբ եկեղեցականը մեր հաւատացեալ ժողովուրդին օրինակ եւ բարեխօս պիտի հանդիսանայ, քաջութեամբ եւ ուրախութեամբ ապրելու համար քրիստոնէական հաւատքը:

Խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Սրբազան Պապին այս յայտարարութեան համար: Երախտագիտութեամբ կ’ընկալէ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հովանաւորութիւնն ու ասպնջական ջանքերը, ինչպէս նաեւ սրբադասման յատուկ յանձնախումբին, զանազան եկեղեցականներուն եւ օժանդակ անձերուն նուիրական աշխատանքները, որոնք օգտակար եղան շարադրելու եւ ի յայտ բերելու Երանելի նահատակ եկեղեցականին սրբութիւնը, անոր առաքինութիւնները, երկնաձիր յատկութիւններն ու քրիստոնէական բարեմասնութիւնները:

Մեր թեմին հաւատացեալներն ու եկեղեցական դասը խնկաբոյր աղօթքներ կը բարձրացնեն սրբակենցաղ եկեղեցական նահատակին, որ պիտի բարեխօսէ մեզի համար մեր Փրկիչին առջեւ:

Իսթանպուլ՝ 31 Մարտ 2025

Դիւան

Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդարանի

https://www.facebook.com/photo/?fbid=2100419160465639&set=a.717557128751856

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın