Գրեց՝ ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
….
Ամէն անգամ որ գաղութ մը այցելելու առիթը կ’ունենամ՝ կ’ուզեմ նաեւ տեսնել հոն գործող հայկական դպրոցները։ Կը տեսնեմ թէ ինչքան անփոխարինելի է հայ դպրոցին դերը հայակերտումի եւ մարդակերտումի գործընթացին մէջ՝ սփիւռքեան իրականութիւններուն համար։ Եւ պարագան նոյնն է Պոլսոյ Պէյօղլուի շրջանին մէջ գործող Էսաեան վարժարանի, ուր առիթը ունեցայ այցելելու Երեքշաբթի 24 Մարտ 2025ին, ընկերակցութեամբ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։ 1895 թուականի հիմնուած այս վարժարանը այսօր տակաւին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ շնորհիւ Թաղային Խորհուրդին, որ ամուր կերպով կանգնած է անոր ետին, բայց նաեւ տնօրէնուհիին եւ խումբ մը նուիրեալ հայ ուսուցիչներուն։
Դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները շատ…։
Եւ սփիւռքեան որ՞ մէկ գաղութի մէջ չկան ազգային մեր կեանքերուն այդ բոլոր դժուարութիւնները…։ Բայց հայուն կամքը կը յաղթէ այդ բոլոր մարտահրաւէրները եւ կը գտնէ ելքը շարունակելու համար այս նուիրական ծառայութիւնը։ Էսայեան վարժարանը ապրող մէկ լաւագոյն օրինակներէն է ուր հայուն առաքելութիւնը՝ իմա նուիրական ծառայութիւնը, կենդանի է։ Հայկական Պոլսոյ մէկ ապրող վկայութիւնն է այս վարժարանը՝ իր աշխոյժ տեսլականով։
Եթէ հանդիպեցայ տնօրէնուհիին ու ուսուցչական կազմի անդամներուն հետ, բայց նաեւ շրջագայեցայ դպրոցի տարբեր բաժինները եւ դասարանները։ Չեմ գիտեր արդեօք պատահականութի՞ւն էր թէ այլ՝ բայց ներկայ եղայ դասարաններուն մէկուն «կրօնքի եւ բարոյագիտութեան» դասապահին։ Շատ քաջալերական էր լսել եւ տեսնել հայ աշակերտներուն տածած լրջութիւնը նիւթին եւ արժեւորումը՝ անոր։
Խօսեցանք միասին Աստուածաշունչի կարեւորութեան մասին, ներառելով հայերէն Աստուածաշունչը՝ որպէս հիմք Քրիստոնէական մեր հաւատքին եւ մեր պատմութեան եւ մշակութային արժէքներու գիտակցութեանը համար։ Եթէ հայակերտումը շատ կարեւոր է, բայց նոյնքան նաեւ մարդակերտումը՝ իր հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու գիտակցութեամբը։
Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տենչա Չընար, միջնակարգի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթէփէ եւ ուսուցչակազմ՝ Արփէն Չընար, Մարալ Էպէօղլու-Սաթար, Նատին Պէրպէրեան եւ Անի Գալայլը՝ կը շարունակեն մեծ հաւատքով եւ նուիրումով հայակերտումի եւ մարդակերտումի այս նուիրական առաքելութիւնը Պոլսոյ մէջ։ Եթէ շնորհակալ եւ երախտապարտ ենք իրենց ծառայութիւններուն համար, բայց նաեւ կ’ուզենք ըսել…։
«Ձեր վարձքը կատար…»։
Հայուն պատմութիւնը կը շարունակուի երբ կրնանք հայ նոր սերունդը կերտել՝ Հայ եւ Մարդ։
Եւ հայ դպրոցը հայակերտումի եւ մարդակերտումի ամուր հիմքն է, ուր հայուն կեանքը պիտի կարենանք դնել պատմութեան շարունակականութեանը գործընթացքին մէջ։ (Մարտ 2025)
İlk yorum yapan siz olun