İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Երեքշաբթի 25 Մարտի, 2025, Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան՝ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղարը, որ աշխատանքային այցելութեամբ մը կը մեկնէր Հիւսիսային Մակեդոնիա՝ քանի մը ժամուայ համար այցելեց Պոլիս։ Ան շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանին՝ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ ընտրուելուն առիթով։ 

Հանդիպումը պատեհ առիթ էր ունենալու զրոյց եւ միտքերու փոխանակում Պոլսահայ կեանքի, հոգեւոր եւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութեան եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու վրայով։

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան յաջողութիւն մաղթեց Գերապայծառին իր պատասխանատու առաքելութեանը համար, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւն։ Հանդիպման ներկայ էին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Թուրքիոյ Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար՝ Տիկ. Թամար Գարասու։

https://www.facebook.com/photo?fbid=574672098926208&set=a.135021036224652

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın