Մշակութասէրներ կը յիշեն «Ընկեր» թատերախումբի մասին, որ բեմադրիչ Արաս Նասի գլխաւորութեամբ հիմնուած էր խումբ մը երիտասարդներու կողմէ։ Խումբը իր բեմելը նշած էր 2005ին, Անտոն Չեխովի «Տարօրինակ անասունը, որ կը կոչուի մարդ» թատերախաղով……։.. Յաջորդած էին «Վասիէթ փասթանեսի», «Փախիր կնոջդ հետ», «Հիմա չէ, իմ սէր» խաղերը։
Թէեւ «Ընկեր»ի անդամները ամէն տարի կը կատարելագործէին իրենց դերասանական ու բեմադրական ընդունակութիւնները, բայց ժամանակ առ ժամանակ կը ստիպուէին դադարներ տալ ու հեռու մնալ բեմէն՝ պայքարելով սիրողական խումբ ըլլալու դժուարութիւններու դէմ։
«Ընկեր»ի անդամները 2016 եւ 2018 թուականներուն եւս ներկայացումներ սարքելէ ետք, «փակուեցան իրենց պատեանին մէջ»։ Եւ ահաւասիկ 2025 թուականին, նոր դուռ մը բացուեցաւ «Ընկեր»ի համար։ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դրական մօտեցումով ու հիւրընկալութեամբ, նոր փորձեր սկսան։
Թատերախումբը յառաջիկայ օրերուն վարագոյր պիտի բանայ Թարգմանչաց վարժարանի բեմին վրայ, ներկայացնելով Ահմէտ Սամի Էօզպուտաքի «Հետք» խաղը։
Արաս Նաս, Արտէն Ագպաշ, Առէն Սաղպաշ, Քլարա-Սերա Ալթըփարմաք, Կարէն Նազարէթեան եւ Նատին Թաշ Մըղտըսէն բաղկացեալ խումբը ոգեւորուած է հանդիսատեսին առաջին անգամ տրամաթիք թատերախաղով ներկայանալու փորձառութենէն։
Այժմէն յաջողութիւն կը մաղթենք։
https://www.facebook.com/photo?fbid=565614983165253&set=a.135021036224652
İlk yorum yapan siz olun