İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՀ՝ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉ ՄԻՀՐԱՆ ՈՒԼԻԿԵԱՆԻ

Խոր ցաւով կը գուժենք համայնքային գործիչ Միհրան Ուլիկեանի մահը, որ պատահեցաւ նախընթաց գիշեր, սուգի մատնելով ընտանիքի անդամներն ու համայնքային շրջանակները։

Հանգուցեալը մեծ ծառայութիւններ մատուցած էր համայնքային կեանքին։ Իր անձին բնորոշ մարդկային վստահելի նկարագրի շնորհիւ կը վայելէր մեծ շրջանակներու անվերապահ յարգանքը եւ այդ պատճառով է որ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր պոլսահայութեան մօտիկ անցեալի պատմութեան անկիւնադարձային հանգրուաններուն, բախտորոշ շրջաններուն։

Ծնած էր Սամաթիոյ մէջ, մանկութեան տարիներէն սկսեալ իր անհատականութիւնը ձեւաւորուած էր մարդասիրութեան, կարիքաւորներուն օժանդակելու վեհ զգացումներով։ Կեդրոնական վարժարանէն վկայուելէ ետք, ընտանեկան ու անձնական կեանքի մէջ միշտ տաքուկ տեղ մը պահած էր Սամաթիոյ եւ իր հարազատ Կեդրոնականի համար։

Յաջորդող տարիներուն, հանրային աշխատութեան կիզակէտ դարձուցած էր Վագըֆգիւղը, կարելի բոլոր միջոցներով ապահովելով օժանդակութեան մեծ արշաւ մը։

Այնպէս ինչպէս իր բազմաթիւ սերնդակիցները, Միհրան Ուլիկեան եւս եղաւ ինքնութեան հաւատարիմ մնացած անձ մը, սիրեց մայրենի լեզուն, հայ մշակոյթը։

Մահացաւ, մինչեւ վերջին շունչը շրջապատուած մնալով իր կողակցին՝ Զապէլ Ուլիկեանի եւ զաւակներուն սիրոյ մթնոլորտին մէջ։

Կը վշտակցինք բոլոր հարազատներուն։

https://www.facebook.com/photo?fbid=564275536632531&set=a.135021036224652

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın