İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ՝ ՍԱՍՈՒՆ-ՊԻԹԼԻՍ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ

Սասուն-Պիթլիս հայրենակցական միութիւնը կը շարունակէ ապրեցնել նախնիներու աւանդութիւնները՝ զանազան միջոցառումներ կազմակերպելով զանազան երդիքներու տակ։

Երէկ, 9 Մարտ Կիրակի, կէսօրուայ ժամերուն, Տատեան վարժարանի մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգագրական պարերու աշխատանոց մը։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հայրենակցական միութեան ու վարժարանի համատեղ նախաձեռնութեամբ, «Պարերու հետ ժամադրութիւն» կարգախօսի տակ։ Զանազան տարիքային խումբերէ աւելի քան 60 հոգի մասնակցութիւն բերաւ այս ոգեւորիչ նախաձեռնութեան, ուր պարուսոյցն էր Յակոբ Կիւլէչ։

Մասնակիցները սորվեցան Սասունի Եարխուշթա-ն եւ Կարինի «Քոչարի»ն, իրենց մասնակցութեամբ կեանք տուին ազգագրական պարերուն։

Մօտաւորապէս 2 ժամ տեւողութեամբ յայտագիրը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց, այնպէս որ «Սասուն -Պիթլիս» միութիւնը կը ծրագրէ այժմ շաբաթական դրութեամբ իրականացնել այսպիսի աշխատութիւն մը։

https://www.normarmara.com/arsiv2025-1/100325lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın