İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱԼԵՔՍԻՍ ՕՀԱՆԵԱՆ «ԹԻՔ-ԹՕՔ. ԱՄԵՐԻԿԱ»Ի ԳՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ

«Ռէտտիթ» ընկերութեան համահիմնադիր, հայազգի միլիոնատէր Ալեքսիս Օհանեան միացաւ միլիառատէր Ֆրէնք Մաքքորթին ու դարձաւ անոր ռազմավարական խորհրդատուն՝ «ԹիքԹոք» ընկերային ցանցի ամերիկեան մասնաճիւղը գնելու հարցով։

Օհանեան «Իքս»ի իր էջին վրայ գրառում մը ըրաւ, նշելով հետեւեալը. «Այժմ ես պաշտօնապէս մէկն եմ այն մարդոցմէ, որոնք կը փափաքին գնել ԹիքԹոք ցանցի ամերիկեան մասնաճիւղը»։

Օգտատէր մը հարցուց թէ Ալեքսիս Օհանեան ինչպէ՞ս պիտի անուանէր «ԹիքԹոք Ամերիկա»ն։ Օհանեան պատասխանեց. «ԹիքԹոք.Ֆրիտըմ Էտիշըն»։

Յիշեցնենք որ Ամերիկայի նախկին Նախագահ Ճօ Պայտընի որոշման համաձայն, «ԹիքԹոք Ամերիկա»ն պարտաւոր էր խզելու կապերը մայր ընկերութեան՝ չինական «Պայթ-Տէնս»ի հետ, հակառակ պարագային «ԹիքԹոք»ը պիտի արգիլուէր Ամերիկայի մէջ։ 

Թրամփ երկարաձգած է ժամկէտը, որու ընթացքին «ԹիքԹոք Ամերիկա»ն պէտք է գտնէ նոր սեփականատէր մը։

https://www.facebook.com/photo/?fbid=559738593752892&set=a.135021036224652

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın