«ՇԱՏ ՀԵՌՈՒ – ՇԱՏ ՄՕՏԻԿ. ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՆԵՐԿԱՅ»
….
«Արաս» հրատարակչատունը նոր տարուայ առաջին օրերուն ուշագրաւ գիրք մը դրաւ ընթերցասէրներու սեղանին վրայ։ Համեմատական գրականութեան մասնագէտ Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու, որ իր հետազօտութիւններուն մէջ լայն տեղ կը յատկացնէ Օսմանեան եւ Հանրապետական շրջանի պոլսահայ գրականութեան ուսումնասիրութեան եւ ինքնատիպ յօդուածներով վերլուծութիւններ կը յանձնէ թուղթին, «Արաս»ին վստահեցաւ «Շատ հեռու-շատ մօտիկ. հայ գրականութիւնը՝ օսմանեան կայսրութեան շրջանէն մինչեւ ներկայի օրերը» խորագրով գիրքը։ Գիրքը տպուած է ու տեղ գտած՝ գրախանութներու վաճառասեղաններու վրայ։
Այս հատորին մէջ ամփոփուած են Ուսլուի յօդուածները՝ լոյս տեսած 2011-2023 թուականներուն, զանազան լրատուամիջոցներու մէջ։ Տեղ տրուած է նաեւ անտիպ ակնարկներու, որոնց մէջ հեղինակը կը կեդրոնանայ հայ գրականութեան հիմնախնդիրներու, զարգացման կարեւոր հանգրուաններու, յայտնի գրողներու եւ անոնց ստեղծագործութիւններու վրայ։ Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլուի դիտարկումները կ’ընդգրկեն լայն պրիսմակ մը՝ 1850էն մինչեւ 2020 թուականները։
Յօդուածները գրի առնուած են ընդհանուր առմամբ տեղեկատուական բնոյթով։ Դիւրասահ ընթերցումով վերլուծութիւնները թուրք ընթերցողներու առջեւ կը բանան արեւմտահայ գրականութեան վերջին հարիւրամեակի մեծ անդաստանը։
Այս ուսումնասիրութիւնը ուսանելի է բոլոր անոնց համար, որոնք ցանկութիւն ունին խորացնել Արեւմտահայ գրականութեան մասին իրենց գիտելիքները։ Գրքի մէջ տեղ գտած յօդուածները դուրս կուգան ակադեմական լեզուապաշարէն ու կը ներկայացուին այնքան սահուն մեկնաբանութեամբ, որ անմիջապէս կը գրաւեն ընթերցողի ուշադրութիւնը։
Յօդուածները լոյս կը սփռեն հայ գրականութեան ճամբորդութեան վրայ՝ սկսելով Օսմանեան դարաշրջանէն եւ հասնելով մինչեւ ներկայ ժամանակներ։ Իւրաքանչիւր յօդուած կը կեդրոնանայ ոեւէ հանրայայտ գրողի եւ անոր ստեղծագործութեան խոր ուսումնասիրութեան վրայ, ընթերցողին մատուցանելով «ծանօթացման քարտէս» մը։
Միայն պատմական շրջանը չէ որ կը նկարագրուի յօդուածներու մէջ։ Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու, որպէս համեմատական գրականութեան հմուտ մասնագէտ, կը քննէ հայ գրականութեան մէջ թրքերէն լեզուի «ներկայութիւն»ը, կը շօշափէ նմանութիւնները եւ երկու գրականութիւններու ներգործութիւնը՝ մէկզմէկու վրայ։ Ուսումնասիրութեան բուն նպատակն է նպաստել հայ գրականութեան ճանաչման ու ընթերցողի հետաքրքրութիւնը մղել դէպի այս ոլորտ։ Անդրադարձ կայ նաեւ 1915էն ետք հայ գրականութեան գոյատեւման ու պայքարին։
Առաջին յօդուածը՝ «Օսմանեան կայսրութեան մէջ ժամանակակից հայ գրականութեան բանալիները» խորագրի ներքեւ համընդհանուր ակնարկ է, որ ընթերցողը կը պատրաստէ յաջորդ յօդուածներուն։
Գիրքը բաժնուած է երկու հիմնական մասերու։ Առաջին բաժնի մէջ գրականագիտական վերլուծութիւններով կը ծանօթացուին օսմանեան շրջանի հայ հեղինակներու ստեղծագործութիւնները, իսկ երկրորդի մէջ՝ կայսրութեան փլուզումէն ետք հայ գրականութեան զարգացման հանգրուաններն ու տարաբնոյթ երեսակները. մասնաւորաբար 1915էն ետք լեզուի ու գրականութեան գոյատեւման պայքարը՝ գրագէտներու եւ բանաստեղծներու անհատական կամ հաւաքական ջանքերը։
Եթէ առաջին բաժնի մէջ գրականագիտական մօտեցումներով կը քննարկուի Պետրոս Դուրեանի, Յակոբ Պարոնեանի, Գրիգոր Զօհրապի, Սրբուհի Տիւսաբի, Զապէլ Եսայեանի, Երուանդ Օտեանի, Միսաք Գօչունեանի ստեղծագործական վաստակը, երկրորդ մասին մէջ ուսումնասիրութիւններու առանցքը կ’երկարի դէպի հայ գրականութեան տարբեր շերտեր։ Այս բաժնի յօդուածները նուիրուած են Շահան Շահնուրի, Կարպիս Ճանճիկեանի, Գուրգէն Մահարիի, Զաւէն Պիպեռեանի, մեր խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի, Մկրտիչ Մարկոսեանի երկերու ու բանաստեղծական հատորներու վերլուծութեանց։
Անտարակոյս, մեծ գնահատանքով կարելի է հաստատել որ այս գիրքը կը բազմապատկէ հայ գրականութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը, միաժամանակ կ’ամբողջացնէ բացը՝ որ առկայ է ուսումնասիրութիւններու աշխարհին մէջ։
Գիրքէն դուրս մնացած են Սիպիլ, Ծերենց, Յակոբ Օշական, Զահրատ, Որբունի եւ ուրիշ անուններ։ Հեղինակը իր նախաբանին մէջ դիտել կուտայ որ ընթերցողները կրնան «պակաս» մը նկատել այդ բացակայութիւնը, բայց ինք յոյս ունի յաջորդ գրքին մէջ լրացնել բացթողումը։
Այստեղ տեղին է յիշեցնել որ Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու զանազան առիթներով, որպէս համեմատական գրականութեան թեմա, բանախօսութիւն սարքած է մեր խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի «Առաստաղ» եւ «Առաստաղի միւս կողմը» վէպերու մասին, ինքնատիպ դիտարկումներով վերլուծած է խոհափիլիսոփայական այս գլուխ գործոցները։ Գրքին մէջ ան տեղ տուած է այդ բանախօսութիւններէն ծնունդ առած ուշագրաւ յօդուածի մը։
Կը շնորհաւորենք հեղինակը եւ «Արաս»ի խմբագրակազմը։
Ն. Ս.
https://www.facebook.com/photo/?fbid=547577271635691&set=a.135021036224652
İlk yorum yapan siz olun