İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ծրագրաւորման մասնագէտ Սեւան Հատտէլէր հիւրընկալուեցաւ «Լոյս մետիա»ի կողմէ

ԱՆ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՑ ԻՐ «ՆՈՒԷՐԱ» ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ՝ ՈՐ ՊԻՏԻ ԱՊԱՀՈՎԷ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՓԱՆՑԻԿՈՒԹԻՒՆԸ

….

Վերջին մէկ շաբթուայ ընթացքին մամուլի ու ընկերային մետիայի մէջ դարձեալ օրակարգի բերուեցաւ «Իթիմաթ» գրասենեակի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը։ Բուռն քննարկումները ստիպեցին որ նախ Պատրիարքարանը հանդէս գայ կոչով, յետոյ Կրօնական Ժողովը նիստ մը գումարէ եւ որոշում կայացնէ ժողովուրդի մտահոգութիւնները մասամբ փարատելու համար։ Ի՜նչ մեղք որ դէպքերը այլ գնացք մը ունեցան։ Գրած էինք արդէն որ քաւութեան նոխազ դարձաւ ԷՐՎԱՊ-ի ելմտական յանձնախումբը. ատենապետ Հերման Կիւրճեան ու իր 9ը գործակից ընկերները հրաժարական ներկայացուցին. «Մեզի չյանձնուած պարտականութեան մը համար, կարծես թէ տրուածի պէս ցոյց տուին», ըսաւ Հերման Կիւրճեան, յայտարարելով որ յառաջիկայ օրերուն (իր խօսքերով՝ այս շաբաթ) հանդէս պիտի գար պաշտօնական յայտարարութեամբ։

Ի վերջոյ ի՞նչ պատահած էր, ո՞ւր էր բացթողումը, Ելմտական յանձնախումբէն ի՞նչ պահանջած էին, համակարգչային ի՞նչ ծրագրի մասին էր խօսքը։ Այս հարցումները իրենց պատասխանը գտան «Լոյս Մետիա»ի սեփականատէր Արամ Գուրանի հաղորդավարութեամբ «Դէմ առ դէմ» յայտագրի ընթացքին։ Հիւրընկալուած էր «Սուիթսօ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Սեւան Հատտէլէր։

Հետաքրքրական զրոյց էր, որու ընթացքին Սեւան Հատտէլէր ինքզինք ծանօթացնելէ ետք, լոյս սփռեց յատկապէս «Իթիմաթ» գրասենեակի շուրջ բարձրացած աղմուկի հարցով զարգացումներուն, պատմեց թէ ինչպէ՞ս «ներքաշուած էր» համայնքային կեանքին մէջ ու իր պատրաստած ծրագիրները «ներդրած» ընտրութիւններու ընթացքին։ Ձայնագրութենէն քաղելով մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք այդ զրոյցի ամփոփումը։

Նախ՝ ո՞վ է Սեւան Հատտէլէր։ Սեւան Հատտէլէր նախակրթութիւնը ստացած է էրիգիւղի Մէրամէթճեան ու Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի, իսկ լիսէի ուսումը՝ «Մօտա» գոլէճի մէջ։

Համալսարանական ուսման տարիներուն, համակարգչային ծրագրաւորման դասերը մեծապէս օգնած են իրեն, ճամբայ հարթելով ապագայի գործունէութեան համար։

Ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ առաջարկով սկսաւ համակարգչային ծրագիրներ պատրաստել համայնքի համար։

Սեւան Հատտէլէր պատմեց որ 2017ին Սարվէն Սէրթշիմշէքի առաջարկով ծրագիր մը պատրաստեց Գատըգիւղի թաղի հայ ընտրողներու ցանկերը ճշդելու եւ անոնց քուէարկութիւնը թուայնացնելու համար։ Այդ օրերուն Մեսրոպ Պատրիարքը հիւանդ էր, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի պարտականութիւններն ալ Արամ Սրբազան կը կատարէր։ 2019ի Մարտին Պատրիարքի վախճանումէն ետք սկսաւ ընտրական գործընթացը։ Ծրագիրը պատրաստ էր, ուստի ընդարձակեցինք զայն, ընդգրկելով միւս բոլոր թաղերը։ Ընտրական կանոնագրութեան մէջ փոփոխութիւնները կը ստիպէին որ մենք ալ վերաթարմացնենք ծրագիրը։ Մեր առաջին քննութիւնը Պատրիարքական ընտրութիւններն էին։ Այդ օրերուն կարգ մը բացթողումներ եղան, բայց մենք զանոնք ալ սրբագրեցինք եւ «Քուէրա» անունով գրեթէ կատարեալ համակարգչային ծրագիր մը պատրաստ ունեցանք Թաղային Խորհուրդներու ընտրութեան շրջանին։

Ուրիշ ծրագիրներ մշակուա՞ծ են։

Սեւան Հատտէլէր նշեց որ ի ձեռին ունին վիճակագրական տուեալներու ծրագիր մը, զոր պարբերաբար կը թարմացուի նոր տուեալներով։ Ծրագիրը բաւական «համոզիչ է», նոյնիսկ քուէարկողներու ստորագրութիւնները կը բաղդատուին նախկին ստորագրութեանց հետ։ Այսինքն պատրաստ են նաեւ Հիւանդանոցի ընտրութեան, բայց հարկաւ թէ փոփոխութիւններ կրնան ըլլալ՝ ընտրական կանոնագրութեան հրապարակումէն ետք։

«Իթիմաթ» գրասենեակի շուրջ ծագած աղմուկն ու ԷՐՎԱՊի ելմտական յանձնախումբի «մեղք»ը։

Ծրագրաւորող Սեւան Հատտէլէր լոյս սփռեց նաեւ այդ խնդրայարոյց նիւթի վրայ։ Յայտնեց որ 2024ի Փետրուարին Ելմտական յանձնախումբի առաջարկով պատրաստեց «Նուէրա» ծրագիրը եւ զայն ներկայացուց ԷՐՎԱՊին՝ Իթիմաթ գրասենեակի գործունէութիւնը թափանցիկ կերպով հսկելու համար։

Ըստ իրեն, ժողովուրդի մօտ երկար ժամանակէ ի վեր արդէն իսկ ցանկութիւն կար «Իթիմաթ» գրասենեակի հաշիւները թուայնացնելու մասին։ «Իթիմաթ» որ կը նշանակէ «վստահութիւն», վստահութիւն չէր ներշնչեր ժողովուրդին։ Ծրագիրը պատրաստ է ու եթէ գործադրութեան դրուի, նուիրատուութիւնները առանց որեւէ խնդիր ունենալու պիտի հասնին հասցէատէրերուն, գրպանի հեռաձայններով հաղորդագրութիւն պիտի ղրկուի, ստացագիր պիտի տրուի թուայնացուած եղանակով, եւայլն, այսինքն ամէն ինչ թափանցիկ պիտի ըլլայ։ Պարտաւոր ենք քայլ յարմարցնելու թեքնիքագիտութեան այս դարին, հակառակ պարագային լճացումի մէջ պիտի մնանք։

Հերման Կիւրճեանի հետ խօսեցայ նոր ծրագիր մը պատրաստելու մասին, մենք պատրաստեցինք։ Այսինքն Ելմտական յանձնախումբէն ատիկա ուզած էին։

Ինչո՞ւ յապաղում մը կայ այս հարցով։

Սեւան Հատտէլէրի համաձայն, արհեստական բանականութեան տիրապետութեան այս շրջանին պէտք է շատ շուտ գործադրենք ծրագիրը, որպէսզի մարդոց մօտ վստահութիւնը չցնցուի, մարդիկ կարենան հանգիստ խղճով կատարել իրենց նուիրատուութիւնները։

Կարելի է ըսել որ հարցազրոյցի վերջին բաժինը ամէնէն կարեւորն էր։ Խօսքը աղէտներու դէմ պայքարելու ծրագրի վրայ կեդրոնացաւ եւ Սեւան Հատտէլէր խիստ գործնական գաղափար մը մէջտեղ դրաւ՝ աղէտներու դէմ պայքարելու համար։ Կ’արժէ ականջալուր ըլլալ Սեւանի խօսքերուն ու գործի սկսիլ։

Ի՞նչ ըսաւ Սեւան։ Խորհեցէք անգամ մը։ Իսթանպուլի հաւանական երկրաշարժը «դրան» մօտ է։ Ամէն մարդ կը խօսի, ամէն մարդ կարծիք կը յայտնէ։ Մենք բան մը կ’ընե՞նք որպէս համայնք։ Մշակած եմ ծրագիր մը, հաւանական աղէտի պարագային համախմբուելու, մեր զաւակները պաշտպանելու համար։

Տեսակ մը Մորզի այբուբենով քարտ մը պիտի ըլլայ, քրէտի քարտի նման, զայն կարելի է պահել գրպանի կամ պայուսակի մէջ, այսինքն կրելու խնդիր չկայ։ Հաւանական աղէտի մը պարագային, այդ քարտը կուտայ ձեր գտնուելու վայրի վերջին ազդանշանը։ Նաեւ ծրագրի մը պէտք ունինք մեր զաւակներու համար։ Աղէտի մը պարագային որո՞ւ պիտի վստահինք մեր զաւակներու խնամակալութիւնը՝ եթէ ծնողները Աստուած չընէ զոհուած ըլլան։ Մեր եկեղեցիներու պարտէզները որքանո՞վ պատրաստ են աղիտեալները պատսպարելու համար։ Ինչպէ՞ս պիտի կարենանք զօրաշարժի ենթարկել մեր ուժերը եւ փրկարարական ջոկատներուն հասցնել մեր «շտապօգնութեան» կանչերը։

Որպէս վերջին խօսք, Սեւան Հատտէլէր անդրադարձաւ պոլսահայ մետիային, ըսաւ որ մամուլը շատ լաւ կ’աշխատի, առողջ մրցակցութիւն ալ կայ, բայց պէտք է ծրագիր մը մշակել նաեւ ժողովուրդին ճիշդ լուրեր հաղորդելու համար։ Մեր նորահաս սերունդը կը վազէ այժմէական աշխարհի ետեւէն։ Պէտք է ուղղորդել այդ տղաքը, զանոնք մղել ընթերցանութեան, ինքնազարգացման, եզրակացուց Սեւան Հատտէլէր։

https://www.facebook.com/photo/?fbid=547579968302088&set=a.135021036224652

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın