Իսթանպուլահայ պատուիրակութիւնը՝ Հայկարամ Գարասուի գլխաւորութեամբ կը մասնակցի Համահայկական ձմեռնային 2րդ խաղերուն
…
Հայաստանի հարաւային դարպասի՝ Սիւնիքի մարզի Ջերմուկ քաղաքը դարձած է մարզական «մայրաքաղաք»։ 1 Փետրուարին, հոն տեղի ունեցաւ համահայկական ձմեռնային 2րդ խաղերու բացման հանդիսութիւնը՝ հեքիաթային մթնոլորտի մէջ։
Ներկայ էին Հայաստանի Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, Վարչապետ Փաշինեանի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան, Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի ու Մարզանքի Նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Խորհրդարանի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեան, Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան։
Բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը սկսաւ գեղեցիկ ցուցադրութեամբ մը, որուն յաջորդեց մարզիկներու պաշտօնական տողանցքը։ Այս տարի, համահայկական ձմեռնային 2րդ խաղերուն ամենամեծ պատուիրակութիւնը ունի Ռուսաստանի խումբը՝ 211 մարզիկ։ Խաղերու պաշտօնական դրօշակը բարձրացնելու պատիւը տրուեցաւ ծանրաբարձիկ՝ Հռիփսիմէ Խուրշուտեանին, իսկ խաղերու ջահը վառեց ողիմպիական խաղերու արծաթեայ մետալակիր, աշխարհի ախոյեան Վարազդատ Լալայեան։
Համահայկական ձմեռնային խաղերը կը վերսկսին 11 տարուայ ընդմիջումէն ետք, որպէս կապօղակ՝ հայապահպանութեան, հայաստանակեդրոն հայութեան գաղափարի շուրջ։
Համահայկական ձմեռնային առաջին խաղերը կայացած էին 2014 թուականին։ 11 տարի յետոյ, 2րդ խաղերուն կը մասնակցի 1348 մարզիկ, 18 պետութիւններու 88 քաղաքներէն։
Իսթանպուլահայ համայնքի յանձնախումբի Ատենապետ Հայկարամ Գարասու հետեւեալը տեղեկացուց մեզի.-
Խաղերուն կը մասնակցինք ճատրակի 5 հոգինոց խումբով մը։ Ձմեռնային 2րդ խաղերուն մէջ ընդգրկուած են մարզական պարեր, հոքէյ, ճատրակ, ձնամարտ, դահուկավազք եւ լեռնադահուկավազք մարզաձեւերը։ Համահայկական խաղերու համաշխարհային յանձնախումբի Ատենապետ Իշխան Զաքարեանի «պահանջ»ով, որոշեցինք որ Իսթանպուլահայութիւնը մասնակցի ճատրակի խումբով։ Այդ յանձնախումբի Իսթանպուլի ներկայացուցիչ, Շիշլիի մարզական ակումբի վարչութեան Ատենապետ Ալէն Թէքպըչաք եւ ճատրակի մարզիչ Սարվէն Չաքմաք ընտրեցին ճատրակի խումբի անդամները։ Խումբը 31 Յունուարի գիշերը, «Սապիհա Կէօքչէն» օդակայանէն մեկնեցաւ Երեւան։ Հոն դիմաւորուեցան համաշխարհային յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն կողմէ ու ճամբայ ելանք դէպի Ջերմուկ, Երեւանէն 175 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ զբօսաշրջական քաղաք մը։ Շուրջ 3 ժամ յետոյ հասանք Ջերմուկ։ Կ’իջեւանինք գեղատեսիլ «Կրանթ Ռիզորթ» պանդոկի մէջ։ Առտուան նախաճաշը ձրիաբար կը տրամադրուի, կէսօրուայ ճաշն ու երեկոյեան ընթրիքը՝ 8 տոլարի շուրջ են։
Բացման հանդիսութիւնը կատարուեցաւ շուրջ 2 ժամ տեւողութեամբ գեղեցիկ յայտագրով մը։ Յաջորդեց պաշտօնական ընթրիքը, մասնակցութեամբ համաշխարհային յանձնախումբի ու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն։
Մեր պատուիրակութիւնը կը մասնակցի ճատրակի մրցաշարքին ու կը բաղկանայ հետեւեալներէն՝ Սարվէն Շաքմաք, Մինա Խանամիրեան, Ռաֆայէլ Տէմիրճի, Արէս Պօյաճեան, Արեգ Ճերմակեան։ Ճատրակի մրցաշարքը պիտի կայանայ 2-6 Փետրուարին, առտուան ժամը 11.00էն սկսեալ։ Մրցումներու ընթացքին ճատրակիստները առաւելագոյնը 15 վայրկեան կրնան մտածել մէկ քայլի համար, առաւել 5 երկվայրկեան։ Ցերեկուայ դադարէն ետք մրցումները կը վերսկսին ժամը 15.00ին։ Մրցաշարքը կը բաղկանայ 9 փուլէն, զուիցերիական մրցակարգով։ Պէտք է նշեմ որ ամենամեծ թիւով մասնակիցները ճատրակի մարզաձեւի մէջ են։ 150 այր եւ 52 կին մասնակիցներ՝ աշխարհի 50 քաղաքներէն։ Գլխաւոր մրցավարն է՝ Նաիրա Մովսիսեան, օգնականը՝ Կարինէ Գասպարեան։ Մասնակիցներուն միջեւ կան միջազգային վարպետներ։ Հարկաւ որ դժուար պիտի ըլլայ մրցանակային տեղեր գրաւել, բայց պատիւ է ներկայացնել Իսթանպուլահայ համայնքը։ Քանի որ մտածելու ժամանակը սահմանափակ է, շատ դժուար է խուսափիլ սխալներէն։ Այնուհանդերձ ուրախ ենք հոս գտնուելու, մարզական այս համախմբումի մասնակիցը դառնալու համար։
İlk yorum yapan siz olun