İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՐԱՇԱՓԱՌԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Կաթողիկէ Հայոց Տանն Կիլիկիոյ Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Գերերջանիկ եւ Ամեն. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. 4 Յունուար 2025, Շաբաթ, ժամը 10.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ դիմաւորուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ:

Հիւր Հոգեւոր Պետը նախ առաջնորդուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճար, որու մուտքին դիմաւորուեցաւ աւանդական աղ ու հացով: Ապա տեղի ունեցաւ երկու Պատրիարքներու ողջագուրումը:

Այցելութեան ընթացքին Տանն Կիլիկիոյ Պատրիարք եւ Կաթողիկոսին կ’ընկերանար Ստանպուլի Կաթողիկէ Հայ համայնքի նախկին վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանի, այժմու Պատրիարքական Կառավարիչ Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան Գերապայծառի գլխաւորութեամբ շքախումբ մը:

Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Գերշ. Տ. Եզնիկ Արքեպս. Պետրոսեան, Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Պատրիարքական Աթոռոյ վեղարաւոր միաբան հայրերը, քահանայից դասը եւ ժառանգաւորներ:

Մայր Տաճարի զանգերու ղօղանջներուն ներքեւ, Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի մականին ներքեւ դպիրներու երգակցութեամբ, երկու հոգեւոր պետեր թափորով առաջնորդուեցան խորան, ուր կատարուեցաւ կանոնական հրաշափառի աղօթք:

Ապա երկու պատրիարքներ բարձրացան խորան եւ կատարուեցաւ ճաշու ժամերգութիւն:

Բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց Կաթողիկէ Հայոց Տանն Կիլիկիոյ Գերերջանիկ եւ Ամեն. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք եւ Կաթողիկոսի այցելութեան առթիւ: Մեր Հոգեւոր Պետը անդրադառնալով նաեւ նախորդ հանդիպումին, յիշեցուց Տէր Յիսուս Քրիստոսի մեծ պատուիրանը, որ սիրելն էր: Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ որ մեծագոյն առաքինութիւնը եւ ամէն քրիստոնեայի առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ սէրը եւ եղբայրական սիրով կը դիմաւորէր Կաթողիկէ Հայոց Գերերջանիկ եւ Ամեն. Կաթողիկոս եւ Պատրիարքը, որ եկած էր քաղաքս իր ժողովուրդին այցելութեան: Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ, որ ամէն հոգեւորական կը բերէ իր օրհնութիւնը եւ խնդրեց որ Կաթողիկէ Հայոց Հոգեւոր Տէրը եւս տար իր օրհնութիւնը:

Ի պատասխան Նորին Ամենապատուութեան Գերերջանիկ եւ Ամեն. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք եւ Կաթողիկոս արտասանեց իր սրտի խօսքը եւ նախ փառք տուաւ Աստուծոյ, որու շնորհիւ կը գտնուի քաղաքս, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, որ եղբայրական սիրով դիմաւորած է զինք: Հոգեւոր Տէրը իր ուրախութիւնը յայտնեց Մայր Տաճարի մէջ գտնուելուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հոգեւոր հայրերուն եւ երգչախումբին ու օրհնեց բոլորը:

Ժամերգութիւնը իր աւարտին հասաւ երգչախումբի գլխաւորութեամբ երգուած Տէրունական Աղօթքով եւ երկու Պատրիարքներու օրհնութեամբ:

Ապա կազմուած թափորը երկու հոգեւոր պետերը առաջնորդեց Պատրիարքարանի դահլիճը:

Այստեղ տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում եւ ուղերձներ արտասանեցին Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան եւ Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան Գերապայծառ:

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գերերջանիկ եւ Ամեն. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք եւ Կաթողիկոսը այստեղ անգամ մը եւս իր ուրախութիւնը յայտնեց այս սրբազան յարկի ներքեւ գտնուելուն ու շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած եղբայրական վերաբերմունքին համար:

Լուսանկարներ՝ ԼՐԱԲԵՐ

https://www.facebook.com/photo/?fbid=901522442184322&set=pcb.901523038850929

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın