İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 2 Յունուար 2025, Չորեքշաբթի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ շնորհաւորութեան այցելութիւնները շարունակեց, այցելելով Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքին։

Այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանային Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան եւ Պատր. Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Մեր Հոգեւոր Պետը այցելեց Յունաց Պատրիարքարան եւ դիմաւորուեցաւ միաբան հայրերու կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ Ս. Գէորգ (Այիոս Եորկիոս) Պատրիարքանիստ Եկեղեցի, ուր ուխտի աղօթքը կատարեց։

Ապա Նորին Ամենապատուութիւնն ու շքախումբը առաջնորդուեցաւ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի աշխատանսենեակը, ուր տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերու ողջագուրումը։

Այստեղ մեր Հոգեւոր Պետը Արեւմտեան Եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տօնին եւ Ամանորի առթիւ իր, Կրօնական Ժողովի, հոգեւոր դասու եւ համայն Հայ համայնքի անունով շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնը, ողջոյններն ու օրհնութիւնները յղեց Յոյն համայնքին եւ բարեմաղթանքներ կատարեց։

https://www.facebook.com/photo/?fbid=900059475663952&set=a.388050840198154

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın