Այս ի՜նչ «գլխակեր» տարի էր։ 2024ը մեր շրջապատէն, մեր համայնքէն սիրուած ու յարգարժան անուններ փրցնելով, կը շարունակէ վշտի քօղը պահել բազմաթիւ տուներէն ներս։ Չկայ շաբաթ մը որ մահ մը չգուժենք համայնքին, ընթերցողներուն։
Այսօրուայ բօթը կուգայ Ենիեորկան ընտանիքէն։ Յարգարժան բժիշկ, համայնքային գործիչ, թերթիս աշխատակից Տօքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան երէկ իր մահկանացուն կնքեց, վշտի ալիք մը ստեղծելով համայնքէն ներս։
Նորոգ հանգուցեալի անունը սերտօրէն կապուած էր Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցին հետ, ուր երկար տարիներ գործադրեց իր բժշկական ասպարէզը՝ որպէս կնոջական հիւանդութիւններու եւ մանկաբարձութեան բժիշկ։ Բազմաթիւ հիւանդներ դարմանեց, մանկան ճիչով շէնցուց հարիւրաւոր ընտանիքներ, բազում յիշատակներ թողուց բոլոր անոնց մօտ, որոնք իր դուռը բախեցին ամենատարբեր ցաւերու համար։
Մասնագիտական ասպարէզէն ներս փորձառութիւնները ճամբայ բացին դէպի աւելի կարեւոր պաշտօն եւ Տօքթ. Ենիեորկան շուրջ գրեթէ տասնամեակ մը պաշտօնավարեց որպէս Բժշկապետ։ Հանգստեան կոչուելէ ետք ան այս անգամ որպէս վարչային, որպէս Հոգաբարձու ծառայութիւն բերաւ Գթութեան Յարկին, եղաւ նաեւ «Սուրբ Փրկիչ» ամսաթերթի արտօնատէր եւ հրատարակութեան տնօրէն, համագործակցելով թերթիս նախկին փոխխմբագրապետուհի Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի հետ։
Եղաւ ո՛չ միայն լաւ բժիշկ, այլ նաեւ լաւ ընթերցող, գրող, մինչեւ վերջին տարին թէեւ ո՛չ կանոնաւոր կերպով, բայց տարբեր նիւթերու շուրջ յիշատակները գրի առաւ ու ղրկեց խմբագրութեան՝ հրատարակութեան համար։
Եղաւ նաեւ տիպար ամուսին եւ հայր իր ողբացեալ կնոջ՝ Մելինէին ու երկու զաւակներուն համար, որոնք ներկայիս ծառայութիւն կը մատուցանեն համայնքին, մաս կազմելով քանի մը Թաղային Խորհուրդներու։
Դժբախտաբար, Տօքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան վերջին քանի մը տարիներուն առողջական խնդիրներ ունէր, իսկ 2020ին, երբ կորսնցուց իր սիրելի կողակիցը, ֆիզիքական ցաւերուն միացաւ նաեւ հոգեկան ցաւ։
Առողջական խնդիրները մաշեցուցին զինքը եւ ան երէկ աչքերը փակեց կեանքին, վշտի մէջ թողլով զաւակներն ու ընտանեկան մերձաւորները։
ՄԱՐՄԱՐԱ-ի ընտանիքը երկնային հանգիստ կը հայցէ նորոգ հանգուցեալ Տօքթ. Մարտիրոս Ենիեորկանի հոգւոյն։ Կը վշտակցի զաւակներուն, համայնքային գործիչներ՝ Լենա Ենիեորկանին, Արան-Լենա Ենիեորկանի ու դստեր՝ Լուսին Ենիեորկանին եւ համայն մերձաւորներուն։
https://www.facebook.com/photo/?fbid=491219543938131&set=a.135021036224652
İlk yorum yapan siz olun