Քաղաքիս Ասորի Կաթոլիկ համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպիսկոպոսի քահանայական ձեռնադրութեան տասնամեակը նշուեցաւ:
Այս առթիւ, 28 Նոյեմբեր 2024, Հինգշաբթի, յետ միջօրէին, Այասփաշայի Սաքր Քէօր Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ յարակից առաջնորդարանի մէջ տեղի ունեցաւ շնորհաւորութիւն մը, որու մասնակցեցան քաղաքիս եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը կամ ներկայացուցիչները:
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը եւս այցելեց Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպիսկոպոսին եւ շնորհաւորեց անոր քահանայութեան տասնամեայ տարեդարձը եւ Տիրոջ դաշտին մէջ արեւշատ տարիներու ծառայութիւն մաղթեց իրեն:
Այցելութեան մասնակցեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆեներճեան, Արժ. Տ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Պչաքճեան:
Յանուն Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքին ներկայ էր Փայիսիոս Եպս., Հայ Կաթողիկէ համայնքի Պատրիարքական կառավարիչ Գերյ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան:
Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպիսկոպոս յայտնեց իր խոր շնորհակալութիւնը եւ ըսաւ թէ ինք խոնարհ ծառան է Աստուծոյ եւ կը ջանայ ընել այն ինչ որ կրնայ ու խնդրեց բոլորին աղօթքները:
https://www.facebook.com/photo/?fbid=876309698038930&set=pcb.876309994705567
İlk yorum yapan siz olun