İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊՍ. ՊԷՔՃԵԱՆԻ

Երէկ առտու, տխրութեան եւ յուզումի մթնոլորտ կը տիրէր Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Ժողովուրդը վերջին հրաժեշտը կուտար նորոգ վախճանեալ Գերշ. Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեանին, որուն հանդէպ բարեխիղճ չգտնուեցաւ յատկապէս Պատրիարքական ընտրութեան նախորդող փոթորկոտ շրջանին։ Ցաւ ի սիրտ կը յիշենք որ Սրբազանը դառնութեամբ մեկնեցաւ Պոլիսէն, մեր ապերախտ համայնքէն, զրկուելով նաեւ Գերմանիոյ թեմի Առաջնորդի իր երկարամեայ պաշտօնէն։

Երկու տարի առաջ, առողջական խնդիրները ստիպեցին որ Գարեգին Արք. Պէքճեան Գերմանիոյ մէջ տեղափոխուի հանգստատուն մը, իսկ այս ամրան, կարծես կանխազգալով մօտալուտ վախճանը, վերադառնայ իր ծննդավայր երկիրը, վերջին կայքը գտնելով Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցէն ներս։ Հիմա, բոլորիս խղճին պարտքն է գոնէ ներքուստ Սրբազանէն ներողութիւն խնդրել եղածներուն համար եւ աղօթել ի յիշատակ իր հոգւոյն։

***

Պատրիարքական Աթոռի աւագագոյն հոգեւորական Գերշ. Տ. Գարագին Արքեպս. Պէքճեանի վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները տեղի ունեցան 26 Նոյեմբեր 2024, Երեքշաբթի, Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր։ Արարողութեանց իրենց ներկայութիւնը բերին Գերմանիոյ թեմի Առաջնորդ Սերովբէ Եպս. Իսախանեան, Դամասկոսի թեմի Առաջնորդ Արմաշ Եպս. Նալպանտեան եւ Իրաքի թեմի Առաջնորդ Օշական Եպս. Կիւլկիւլեան։

Արարողութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական Աթոռի միաբանութիւնն ու հոգեւորականաց դասու, սարկաւագաց եւ դպրաց դասու անդամները։ Այս մէկը առիթ եղաւ, որ Աթոռի եկեղեցականութիւնը իր լրիւ կազմով յարգանքի տուրք մատուցանէ հանգուցեալ Սրբազանին։

Քաղաքի քոյր եկեղեցիները յարգելով Հայ Եկեղեցւոյ աւագ հոգեւորականի վաստակը, իրենց ներկայացուցիչներով մասնակցեցան արարողութեան։

Գլխաւորութեամբ համայնքային եւ թաղային մարմիններու ներկայացուցիչներուն, մեր հաւատացեալ ժողովուրդը փութացած էր իր վերջին յարգանքի տուրքը մատուցանել, հանդէպ՝ Պատրիարքական Աթոռի աւագագոյն հոգեւորականին։

Ս. Պատարագը մատոյց Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Սերովբէ Եպս. Իսախանեան, առընթերակայ ունենալով Արժ. Տ. Տիրատուր Քհնյ. Սարտարեանը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Աթոռոյս սարկաւագաց դասու անդամները։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Արմաշ Դպրաց Խումբի ընդլայնուած կազմին կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Ռոպէր Տօղանայի։

Յընթացս Ս. Պատարագին հանգուցեալ Հայր Սուրբին դագաղը հոգեւորականներու կողմէ ատեանէն բերուեցաւ Ս. Խորան, ուր տեղի ունեցաւ Վերջին Օծման Կարգը, ձեռամբ՝ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր։

Յաջորդաբար Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը դամբանախօսեց «Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի» (Բ. Տիմոթէոս 4.7) բնաբանով եւ վեր առաւ հանգուցեալ Գարեգին Արքեպիսկոպոսի կեանքն ու վաստակը։

Վերջին Օծման կարգէն յետոյ, Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ եւ հոգեւորականներ երկիւղածութեամբ համբուրեցին հոգելոյս Սրբազան Հօր օծեալ ճակատն ու աջը։ Ապա դագաղը բերուեցաւ ատեան, ուր արտասանուեցան կանոնական աղօթքներ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի ելքի թափօրին նախագահեց՝ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս։ Հոգելոյս Սրբազան Հօր դագաղը կ’ընթանար յամրաքայլ, շարականներու երգեցողութեամբ, Ս. Աւետարանի ընթերցմամբ, սաղմոսներով եւ աղօթքներով։ Հաւատացեալ ժողովուրդը տամկացած աչքերով կը հետեւէր արարողութեան, աղօթակցելով եկեղեցական հայրերուն։

Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատան մէջ, որուն նախագահեց Գերշ. Տ. Արմաշ Եպիսկոպոս։ Պատրիարքական Աթոռի միաբանութեան վաստակաշատ հոգեւորականին մարմինը ամփոփուեցաւ կուսակրօն եկեղեցականներու թաղամասի դամբարանին մէջ։

Վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան կարգը տեսասփռուեցաւ ուղիղ հաղորդումով։

Ս. Խաչ Դպրեվանքի ընտանիքը, ի յիշատակ իր հանգուցեալ Սրբազան սանին՝ Գարեգին Արքեպիսկոպոսի հոգեճաշ սարքեց Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

Լուսանկարներ՝ ՄՈՒՐԱՏ ԷԶԷՐ

https://www.facebook.com/photo/?fbid=490532147340204&set=pcb.490532284006857

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın