Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 27 Նոյեմբեր 2024, Չորեքշաբթի, ընդունեց Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ եւ Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանի Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ թաղի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի եւ գլխաւորութեամբ ատենապետ Նուրհան Սուճուեանի։
Այցելուներ յայտնեցին, թէ եկած են Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը խնդրելու Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ եւ Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանի Ս. Պատարագին ու մատաղօրհնութեան եւ մեր Հոգեւոր Պետը հրաւիրելու սոյն հանդիսութեան։
Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես Թօփգաբուի մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանի համար եղած ջանքերուն։ Մեր Հոգեւոր Պետը գնահատեց Թաղային Խորհուրդը, յաջողութիւն մաղթեց եկեղեցաշէն ու կրթանուէր գործունէութեանց մէջ եւ ընդառաջելով եղած հրաւէրին խոստացաւ սիրով նախագահել հանդիսութեանց։
Նշենք, որ այս տարի Թօփգաբուի եկեղեցւոյ եւ Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանի տօնախմբութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ 8 Դեկտեմբեր 2024, Կիրակի առաւօտ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։
https://www.facebook.com/photo?fbid=875954584741108&set=a.388050840198154
İlk yorum yapan siz olun