İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՖԵՐԻԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 19 Նոյեմբեր 2024, Երեքշաբթի, ընդունեց Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ եւ Մերամէթճեան Վարժարանի Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ թաղի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆեներճեանի եւ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մանուկ Էօղէրի։

Այցելուներ յայտնեցին, թէ եկած են Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը խնդրելու Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ եւ Մերամէթճեան Վարժարանի Ս. Պատարագին ու մատաղօրհնութեան եւ մեր Հոգեւոր Պետը հրաւիրելու սոյն հանդիսութեան։

Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես Ֆերիգիւղի մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ Մերամէթճեան Վարժարանի համար եղած ջանքերուն։ Մեր Հոգեւոր Պետը գնահատեց Թաղային Խորհուրդը, յաջողութիւն մաղթեց եկեղեցաշէն ու կրթանուէր գործունէութեանց մէջ եւ ընդառաջելով եղած հրաւէրին խոստացաւ սիրով նախագահել հանդիսութեանց։

Նշենք, որ այս տարի Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ եւ Մերամեթճեան Վարժարանի տօնախմբութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ 24 Նոյեմբեր 2024, Կիրակի առաւօտ, Ֆերիգիւղի Եկեղեցւոյ մէջ։

https://www.facebook.com/photo/?fbid=870109795325587&set=a.388050840198154

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın