Պատրիարքական Աթոռոյ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան մասնաւոր վարդապետական աստիճան ստանալու համար «Կրօնական հանդէսներ եւ Հայ Խօսնակ ամսաթերթը իր նիւթերով» աւարտաճառը յանձնած էր Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։
Նորին Ամենապատուութեան տնօրինութեամբ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբեղան աւարտաճառը ներկայացուց Պատկ. Կրօնական Ժողովի 14 Նոյեմբերի նիստին։
Հայր Սուրբը ներկայացուց Հայ համայնքի իրականութեան մէջ լոյս տեսած կրօնական պարբերաթերթերու մասին համառօտ տեղեկութիւններ եւ ապա անդրադարձաւ «Հայ Խօսնակ» պարբերաթերթի հիմնարկութեան եւ տասնեւքառամեայ հրատարակութեան շրջաններուն։ Յիշեցուց, որ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի նման տիտան դէմքեր յօդուածներ գրի առած են, որոնք կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը։
Յաւարտ ներկայացման, Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց կատարուած աշխատասիրութիւնը եւ արժանի համարեց Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանին շնորհելու մասնաւոր վարդապետութեան աստիճան։
Մեր Հոգեւոր Պետը անդրադառնալով կատարուած բծախնդիր աշխատութեան, շնորհաւորեց Հայր Սուրբը եւ թելադրեց որ աշխատասիրութիւնը ապագային հրատարակութեան փուլին հասնի։
Յառաջիկայ 30 Նոյեմբեր 2024, Շաբաթ, յետ երեկոյեան ժամերգութեան, ձեռամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր պիտի կատարուի մասնաւոր վարդապետական աստիճանի տուուչութեան արարողութիւնը, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։
https://www.facebook.com/photo?fbid=869893408680559&set=a.388050840198154
İlk yorum yapan siz olun