İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՕՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Երէկ, երեկոյեան ժամերէն սկսեալ ընկերային ցանցերու հայկական հարթակներու վրայ լուրեր հաղորդուեցան կարգ մը պաշտօնեաներու հրաժարականներու մասին։ Սկիզբը անուններ չէին յայտարարուած, աւելի ուշ սակայն յստակացաւ որ պաշտօնէն հրաժարելու դիմում ներկայացուցած են Ներքին գործոց Նախարար Վահէ Ղազարեան, Տարածքային կառավարման ու ենթակառոյցներու Նախարար Գնէլ Սանոսեան, պետական եկամուտերու յանձնախումբի նախագահ Ռուստամ Բադասեան, Քննչական յանձնախումբի նախագահ Արգիշտ Քարամեան, հակափտածութեան յանձնախումբի նախագահ Սասուն Խաչատրեան, այսօր առտու ալ՝ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Կարէն Անդրէասեան։

Հրաժարականներու իսկական պատճառներուն եւ ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ մինչեւ այս պահը յստակ յայտարարութիւններ չկան։

Յիշեցնենք, որ հրաժարականները տեղի ունեցան կառավարութեան վերջին նիստի ընթացքին Փաշինեանի արտայայտած մտքերէն ետք, ուր ան բացայայտ կերպով յայտարարեց, որ չափազանց դժգոհ է երկրի իրաւապահ եւ անվտանգային կառոյցներու եւ անոնց ղեկավարներու գործունէութենէն։

https://www.facebook.com/photo/?fbid=484416437951775&set=a.135021036224652

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın