İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 14 Նոյեմբեր 2024, Հինգաբթի, ընդունեց Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Ծոցի Երկիրներու Ընդհանուր Քարտուղար Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը։ Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Ստանպուլի Տնօրէն Թամար Քարասու։

Տքթ. Ճէպէճեան յայտնեց, որ Ստանպուլ տուած իր կարճատեւ այցելութիւնը օգտագործելով կը ներկայանար մեր Հոգեւոր Պետին։ Ան, Պատրիարք Հօր նուիրեց իր հեղինակած «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» գիրքը եւ Ստանպուլի շնորհանդէսին առթիւ Պատրիարք Հօր բերած օրհնութեան համար երախտագիտութիւնը յայտնեց։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Կրետէի Հայոց Տեսուչ Գերշ. Տ. Եզնիկ Արքեպս. Պետրոսեանին եւ Տ. Յարութիւն Վարդապետին, որոնց հսկողութեամբ կ՚ընթանան սոյն հանդիսութեան աշխատութիւնները։ Տեղեկութիւններ տալով գիրքի մասին, յիշեցուց որ լոյս տեսած է բազմաթիւ յօդուածներու հաւաքածոյ մը, որոնց մէջ յատկապէս յիշարժան կը նկատէ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի մասին իր գրութիւնները։

Պատրիարք Հայրը յայտնեց որ Ճէպէճեան դարձած է ողջ հայ աշխարհի մէջ նշանակելի անձնաւորութիւն մը, թէ՛ իր մտաւոր աշխատութեամբ եւ թէ ուսումնասիրութիւններով։ Ստանպուլի մէջ կատարելի շնորհանդէսը, ձեւով մը շարունակութիւնը պիտի դառնայ զանազան երկիրներու մէջ կատարուածներուն։ Այս մէկը նաեւ առիթ պիտի ընծայէ, որպէսզի Պոլսահայ հասարակութիւնը, մօտէն ծանօթանայ Ճէպէճեանի գրական արտադրութեանց։ Սոյն նախաձեռնութեան սեմին, յաջողութիւն մաղթեց իր աշխատութեանց մէջ եւ իր օրհնութիւնը տուաւ։

Գիրքի շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Նարեկեան Սրահին մէջ 23 Նոյեմբեր 2024, Շաբաթ, ժամը 19.30-ին, նախագահութեամբ՝ Պատրիարք Հօր եւ կազմակերպութեամբ՝ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ, Էսաեան Վարժարանի եւ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի։

https://www.facebook.com/photo?fbid=867076025628964&set=a.388050840198154

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın