Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Հայրը 15 Նոյեմբեր 2024, Ուրբաթ, յետմիջօրէին, ընդունեց Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի կրթական յանձնախումբի անդամները։
Այցելուներ, Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր յայտնեցին իրենց այցելութեան նպատակը, որ առաւել եւս տեղեկատուական էր իրենց գործունէութեան մասին: Կրթական մշակներէն Լեռնա Քարաքիւթիւք կը պարապէր մեր մայրենիի ուսուցիչներու, իսկ Մարի Նալճը կը ծանրանար մանկապարտէզի ուսուցիչներու վերապատրաստութեամբ: Անոնք մեր Հոգեւոր Պետին նուիրեցին իրենց պատրաստած դասագիրքերէն նմոյշներ:
Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան առիթով։ Գոհունակութիւն յայտնեց մեր ուսուցիչներու վերապատրաստման եւ կրթական որեւէ աշխատանքի համար, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց պաշտօնին մէջ։ Ի յիշատակ այս այցելութեան Նորին Ամենապատուութիւնը նուիրեց Լեւոն Լաճիկեանի «Պոլիսը՝ հին եւ նոր» հատորէն օրինակներ:
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun