Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ եւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ, յառաջիկայ 23 Նոյեմբերին, շնորհանդէսով մը պիտի ողջունուի Աստուածաշնչային ընկերակցութեան Արաբական Ծոցի երկիրներու ընդհանուր քատտուղար, Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի նորատիպ հատորը։ Գիրքը կը կոչուի «Հայկական ազգագրական պատկերներ. տեսիլք, կամք եւ յոյս»։ Այս մէկը հեղինակի չորրորդ գիրքն է եւ յստակ պատկերացումներ կուտայ «Ո՞վ է հայ մարդը» կարեւոր հարցումի, նաեւ ինքնութեան կառչած մնալու եւ ինքնութեան համար պայքարի, Սփիւռքի գաղթօճախներէն ներս Հայաստանեայց եկեղեցւոյ դերակատարութեան մասին։ Դոկտ. Ճէպէճեան ի մի հաւաքած է 2018-2022 թուականներուն իր հեղինակած յօդուածները, որոնք հրատարակուած են Սփիւռքի զանազան թերթերու, այդ կարգին նաեւ՝ Մարմարա-ի էջերուն վրայ։ Ընդհանրապէս հայկական իրականութիւններու հետ «հանդիպումներ»ու ծնունդ են այդ գրութիւնները, որոնց ընկերացող լուսանկարներն ալ վաւերական յիշողութիւններ կը վերաթարմացնեն ընթերցողներու եւ նոյնինքն՝ յօդուածներու հերոսներու մօտ։
Երէկ, կէսօրուայ ժամերուն, Խմբագրատանս երդիքին տակ ընդունեցինք Դոկտ. Ճէպէճեանն ու Պէյօղլուի եկեղեցեաց քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, որոնք եկած էին մեզ հրաւիրելու 23 Նոյեմբերի ձեռնարկին։ Դոկտ. Ճէպէճեան ընդամէնը քանի մը ժամուայ համար է որ քաղաքս ժամանած էր եւ կը փորձէր այդ ժամերու մէջ «խտացնել» այցելութիւնները, յանձնել նաեւ նորատիպ հատորը՝ ծանօթացման համար։
Դոկտ. Ճէպէճեանի հետ հանդիպումները միշտ ալ առատ նիւթեր կ’ունենան մտերմիկ զրոյցի համար։ Այս անգամ նոյնը պատահեցաւ, առանցքի վրայ ունենալով մեր խմբագրապետի վաստակը եւ ծառայութիւնը՝ հայ գրականութեան ու հայ եկեղեցիին։ Յարգարժան հիւրը հետաքրքրուեցաւ մեր Խմբագրապետի որպիսութեամբ, անոր մակագրեց իր նորատիպ գիրքը, խօսեցաւ Երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքի հետ Ռ. Հատտէճեանի ունեցած անկեղծ բարեկամութեան մասին, յիշեցուց որ մեր խմբագրապետը հոգեւորի գիտակցութեամբ բազմաթիւ յօդուածներ հրատարակած է։
Զրոյցը շարունակուեցաւ առօրեայ հարցերու, այս կարգին՝ հայ թերթի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու շուրջ։ Մեր յարգելի հիւրը ըսաւ որ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին, որպէս տպագիր օրաթերթ, միայն երեք թերթ գոյութիւն ունի. մէկը՝ Պէյրութի «Ազդակ»ն է, որպէս պաշտօնաթերթը Դաշնակցութիւն կուսակցութեան, իսկ միւս երկուքը՝ Պոլսոյ երկու օրաթերթերն են։ Հպարտութիւն է, բարոյական կարեւոր արժէք է հաստատել որ Պոլսոյ մէջ կը շարունակուի երկու օրաթերթերու տպագրութիւնը, բայց ի՜նչ մեղք որ համայնքին համար հայատառ մամուլը վաղո՜ւց կորսնցուցած է իր առաջնահերթութիւնը։
Մեր «ցաւեր»ու մասին խօսելէ ետք, Հայր Յարութիւն անդրադարձաւ շնորհանդէսի յայտագրին։ Ըսաւ որ Իսթանպուլեան շնորհանդէսի գաղափարի հեղինակը՝ Կրետէի Առաջնորդ Եզնիկ Արք. Պետրոսեանն է, իսկ իրենք ուրախ են որ Պէյօղլուի եկեղեցին կը ստանձնէր կազմակերպութիւնը եւ Էսաեան վարժարանի աշակերտներն ու Լուսաւորիչ երգչախումբը մաս պիտի կազմէին յայտագրին։
Ուրախ ենք որ Պէյօղլուի եկեղեցին կը վերագտնէ մշակութային ձեռնարկներու մէջ իր նախկին օրերու փառքը։ Կը գնահատենք Թաղային Խորհուրդի եւ Հայր Յարութիւնի ջանքերը, որոնք պտուղներ կուտան բազմաբնոյթ ձեռքբերումներով։
https://www.facebook.com/photo/?fbid=482387734821312&set=a.135021036224652
İlk yorum yapan siz olun