Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետութիւնը ամսական դրութեամբ կը գործադրէ մշակութային ձեռնարկներու ծրագիր մը, որու ծիրէն ներս այս շաբաթավերջին, 16 Նոյեմբեր իրիկուան ժամը 20.00ին, Մեծ Կղզիի վրայ բեմ պիտի ելլէ մեր շնորհալի երգչուհիներէն մէկը՝ Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճու։ Անոր մասնակցութեամբ համերգը պիտի սարքուի Մեծ Կղզիի Թաշմէքթեփ սրահին մէջ։ Մարալ այս համերգի երգացանկը պատրաստած է, ընտրելով թրքերէն եւ հայերէն սիրուած երգերու փունջ մը։ Իրեն կ’ընկերանան Արի Հերկել, Սեւան Ինեափան, Սեւան Կարապետօղլու, Էօզճան Կիւլ, նաեւ վոքալներուն պիտի մասնակցի Լուսաւորիչ երգչախումբէն Սերենա Քօչաք-Ավշարօղլու։ Համերգի մուտքը ձրի է։ Մշակութասէրներ կրնան իրենց տեղերը ապահովել, օգտուելով «Իսթանպուլ սենին» յաւելուածէն։
Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր սիրելի Մարալին։
İlk yorum yapan siz olun