Երէկ, 10 Նոյեմբերի յետմիջօրէի ժամերուն, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին մեր Խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանին եւ Տիկնոջ՝ Սիւզան Հատտէճեանին, իրենց բնակարանին մէջ։
Այցելութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Հատտէճեան ամոլի զաւակները՝ Տէր եւ Տիկին Արի-Գարոլին Հատտէճեան եւ Տէր եւ Տիկին Այգ-Թալին Հատտէճեան։
Հաճելի ու մտերմիկ զրոյցի ընթացքին մեր խմբագրապետն ու հիւրերը գաղափարներ փոխանակեցին համայնքային զանազան նիւթերու շուրջ։ Հիւրերը մօտէն հետաքրքրուեցան մեր Խմբագրապետի եւ տիկնոջ առողջական վիճակով, ուրախացան զանոնք լաւ վիճակին մէջ տեսնելուն համար։
Հայր եւ որդի Տամատեանները յատկապէս Սեպտեմբերի վերջին օրերուն, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին այցելութեան մասին տեղեկութիւններ տուին եւ պատմեցին ինչ ինչ հետաքրքրական պատահարներ, զորս ապրած էին Երեւանի ու Մայր Աթոռի մէջ։
Անշուշտ խօսակցութեան նիւթեր դարձան նաեւ մամուլի ներկայ դժուարութիւնները, համայնքային մարմիններուն կողմէ հայերէնի ու ՀԱՅ ԹԵՐԹի նկատմամբ անտարբերութիւնը։
Հանդիպման վերջաւորութեան Հատտէճեան ընտանիքի անդամները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին հայր եւ որդի Տամատեաններուն, իսկ հիւրերը հրաժեշտ առին շնորհակալութիւն յայտնելով եւ առողջ օրերու բարեմաղթանքներով։
https://www.facebook.com/photo/?fbid=479674231759329&set=a.135021036224652
İlk yorum yapan siz olun