Երէկ, 8 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամերուն հրաւիրուած էինք «Հրանդ Տինք» հիմնարկ, ուր «Հաւաք» սրահին մէջ ձեռնարկ մը ունէին «Յանկարծ» անկախ թատերախումբի անդամները։
Ուիլիըմ Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռնագաւառն է» ներկայացումը մեծ ժողովրդականութիւն գտաւ թատերասէրներուն մօտ, իսկ այդ թատերախաղի հայերէն թարգմանութիւնը, որուն հեղինակն է մեր խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեան, ակամայ «ստիպեց» որ «Յանկարծ»ի անդամները նոյն դերերը սերտեն մայրենի լեզուով, խօսակցին հայերէնով ու բեմ ելլեն հայրենի երկնքի տակ։ Ներկայացումները բեմադրուեցան Վանաձորի ու մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, անջնջելի տպաւորութիւններ ստեղծելով «Յանկարծ»ի անդամներու յիշողութեանց մէջ։
Այլեւս նոյնը չէին, բան մը փոխուած էր, ազգային պատկանելիութեան զգացումը արմատ կապած էր իրենց սրտին մէջ եւ ատոր համար է որ «Ո՞ւր է մեր տունը» հռետորական հարցումով վաւերագրական ժապաւէն մը պատրաստած էին, հաւաքելով հայաստանեան օրերու յիշատակները։
Յուզումով դիտեցինք կարճ ժապաւէնը, ուր հայաստանեան գեղեցիկ բնապատկերները կը միահիւսուէին «Յանկարծ»ի անդամներու տպաւորութիւններուն հետ։ Ամէն մէկը տարբեր նախադասութիւններով կը խօսէր հայաստանեան օրերու եւ ներկայացումներու մասին։ Մէկուն համար վերադարձ էր՝ հայրենի տուն, միւսին համար պատկանելիութեան զգացումի ամրապնդում, երրորդը Հայաստանը կը նկատէր բոյն մը, ուրկէ ինքնութեան ձայնը կը հնչէր, ուրիշ մը ամենուրեք հայերէն լսելը եւ հայերէն գիրերը տեսնելը տարբեր հաճոյքի մը կը նմանցնէր։ «Յանկարծ»ի անդամները կը փորձէին պատասխաններ գտնել «ո՞ւր է մեր տունը» հարցումին ու հողը, ջուրը, երկինքը, չքնաղ բնութիւնը, մարդիկը, առօրեան, զրոյցները, մէկ խօսքով՝ կեանքը կը խտացնէին հռետորական իրենց հարցումի պատասխանին մէջ։
«Արմատ եւ պատկանելիութիւն»։ Ասիկա ձեռնարկի երկրորդ բաժինն էր, ուր վաւերագրական տեսանիւթի տպաւորութիւններու ներքեւ, «Յանկարծ»ի անդամները իրենց զգացումները, իրենց ապրածները բաժնեցին ներկաներուն հետ։ Հրապարակային այս զրոյցը եւս հետաքրքրութեամբ ունկնդրուեցաւ հանդիսականներուն կողմէ։
«Յանկարծ»ի անդամները այժմ նոր նախագիծերու պատրաստութեան մէջ են։ Բեմադրիչ Եղիա Ագկիւն ժապաւէնի վերջաւորութեան «Ֆրեզնօ՛ մեզի սպասէ» կ’ըսէր, յայտնի դարձնելով որ թատերախումբի նպատակներէն մէկն է Ուիլիըմ Սարոյեանի այս բեմադրութիւնը ներկայացնել Սարոյեանի հարազատ քաղաքի՝ Ֆրեզնոյի մէջ եւս։
Կը շնորհաւորենք «Յանկարծ»ի անդամները, մաղթելով որ անոնք իրենց գործունէութիւնը շարունակեն աւելի լայն տեղ յատկացնելով հայերէնով թատերախաղերու։
Լուսանկար՝ ՍՈՆԱ ՄԷՆԹԷՇԷ
https://www.facebook.com/photo?fbid=478219051904847&set=a.135021036224652
İlk yorum yapan siz olun