Երէկուայ համայնքային միջոցառումներէն երկրորդը Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ էր։ «Արաս» հրատարակչատունը հետազօտող Զաքարիա Միլտանօղլուի շահեկան բանախօսութեամբ կը ծանօթացնէր Փրօֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի խմբագրութեամբ «Պատմական քաղաքներ եւ հայեր» շարքի հինգերորդ հատորը «Սվաս»ը, թրքերէնի թարգմանուած՝ Ճանտան Պատեմի կողմէ։
Ուրախալի էր տեսնել որ գրասէրներ բաց չէին թողած այս լաւ առիթը ու եկած էին մասնակցելու գրքի ծանօթացման։ Բացման խօսքերով հանդէս եկան նախ «Արաս»ի հրատարակութեան տնօրէնուհի՝ Նեսրին Ուչարլար, յետոյ Սեբաստահայերու եւ բարեկամներու միութեան նախագահ Սեպուհ Քօչաք։ Առաջինը կարճ տողերով արտայայտուեցաւ գրքի հրատարակութեան փուլերու մասին, իսկ Սեպուհ Քօչաք՝ ելոյթը կեդրոնացուց 12 տարի առաջ հիմնուած իրենց միութեան գործունէութեան նպատակի ու դարձեալ նորատիպ հատորի մասին։
Յաջորդեց Զաքարիա Միլտանօղլուի կողմէ բծախնդիր աշխատութեամբ պատրաստուած բանախօսութիւնը, որ աւելի քան մէկուկէս ժամ շարունակ բոլորս գլուխ գլխի թողուց մեր պատմական անցեալի հետ։ Փոքր Հայքի փառաւոր պատմութիւնն է որ կը տողանցէր պաստառին վրայ ու յիշատակներու ձեւով կը հրամցուէր մեզի։ Լուսանկարները կը խօսէին, փաստելու, արձանագրելու համար որ Սեբաստիան՝ հնագոյն ժամանակներէն՝ Ն. Ք. 5րդ դարէն մինչեւ 20րդ դարու առաջին տասնամեակ եղած է վարչական կարեւոր կեդրոն մը՝ ուր հայեր պատմութիւն կերտած են՝ իրենց մշակոյթով, ուսումնական հաստատութիւններով եւ աւանդութիւններով։ Տարբեր փորձութիւն մըն էր դիտել լուսանկարները, աչք-աչքի գալ «հերոս»ներուն հետ, որոնցմէ ոմանք ֆիզիքական անձեր էին, ոմանք՝ թէեւ շէնք-շինութիւն էին, բայց վաւերագրողի դեր ունէին անցեալը ներկայի հետ կամրջելու համար։
Զաքարիա Միլտանօղլուի բանախօսութիւնները միշտ ալ ուշադրութեամբ կ’ունկնդրուին եւ երէկ գիշեր նոյն զգացումները կային ներկաներուն մօտ։ Սեբաստիոյ մէջ արտադրուած ձեռագրերը, Մերզիֆոնի Անատոլու գոլէճի ու Սվասի ուսուցիչներու դպրոցի գործունէութիւնները, Թոքաթի գրաւչութիւնը՝ որպէս կրօնական, մտաւոր զարգացման ու առեւտրական կեդրոն, Կիւրիւնը՝ որպէս մետաքսաթել շալերու համբաւաւոր կեդրոն, յեղափոխական Մուրատ Սեբաստացիի գործունէութիւնը, Դանիէլ Վարուժանի ծննդավայր Բրգնիկի մասին տեղեկութիւնները տեղ գտած էին բանախօսութեան մէջ, ուր Զաքարիա Միլտանօղլու վերջին տասնամեակի ընթացքին Սվաս կատարած այցելութեան լուսանկարները կը համադրէր պատմական լուսանկարներուն հետ եւ մեզ կը թողուր զոյգ իրականութիւններու հետ։
Փրօֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, անգլերէնով գրուած այս հատորին մէջ տեղ տուած է 16 հեղինակներու յօդուածներու։ Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը Սեբաստիան բնութագրող ոլորտ մը ձեռք առած է որպէս ուսումնասիրութիւն։ Զաքարիա Միլտանօղլու կարճ խօսքերով արժեւորեց նաեւ այդ ուսումնասիրութիւնները, բանախօսութիւնը աւելի տպաւորիչ դարձնելով դէպի Սվաս կատարած այցելութեան ի՛ր իսկ լուսանկարներով։
Այսպէս մի առ մի պաստառի վրայ երեւեցան յօդուածներու հեղինակներու եւ իրենց ուսումնասիրութիւններու մասին ամփոփումները, բայց լուսանկարները խօսուն վկաներն էին ու երբեմն ցնցիչ։
Վերջաւորութեան բանախօսը բեմ հրաւիրեց նաեւ իր կողակիցը՝ Ժալէ հանըմը, որ Շապին Գարահիսարցի ընտանիքի զաւակ է եւ որ նոյնպէս յիշատակներ ունէր պատմելիք ներկաներուն։
Բանախօսութիւնը իսկապէս շահեկան էր, բայց մորմոքը դիրտ կապած էր ներկաներու սրտին մէջ։ Ինչո՞ւ-ներու կամ երանի՜-ներու նոր շարք մը ծնունդ առած էր ձեռնարկէն ու պիտի փորձէր պատասխանները փնտռել գրքի ընթերցանութեամբ։
Կը շնորհաւորենք Զաքարիա Միլտանօղլուն եւ «Արաս»ի անձնակազմը։
Լուսանկարներ՝ ՍՈՆԱ ՄԷՆԹԷՇԷ
https://www.facebook.com/photo?fbid=478216918571727&set=pcb.478216948571724
İlk yorum yapan siz olun