Պէզճեան Մայր վարժարանի սաները գնահատելի յաջողութիւն մը արձանագրեցին՝ Եւրոպայի քոտաւորման շաբթուան գործունէութիւններու ծիրէն ներս։ BTE միութեան եւ «Bilişim» վարժարանի համագործակցութեամբ կազմակերպուած էր «TalentCup» քոտաւորման մրցոյթը՝ ընդգրկելով ամբողջ Թուրքիոյ տարածքը։ 600 դպրոցէ շուրջ 11 հազար աշակերտ մասնակցեցաւ այս ծրագրին, որու արդիւնքին Պէզճեան Մայր վարժարանի սաները յաջողեցան երրորդ հորիզոնականը զբաղեցնել։ Աշակերտները վերահսկեց համակարգիչի ուսուցչուհի Գարոլին Էզիքօղլու։
Այս յաջողութիւնը մեծ ուրախութեան առիթ դարձած է Պէզճեան Մայր վարժարանէն ներս։
İlk yorum yapan siz olun