Համայնքային մեր վարժարաններու ի նպաստ Սիրոյ Սեղաններու շրջագծով կարգը հասած է Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցիին ու Տատեան վարժարանին։
Երէկ Խմբագրատուն այցելեցին եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետուհի Մարի Նալճը եւ Բ. Ատենապետ Նուպար Մանաւեան, հանդիպում մը ունենալով Հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեանի հետ։
Մեր հիւրերը նախ գնահատանքով արտայայտուեցան մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի բեղուն գրչի արդիւնք՝ «Մահը ա՞յս է արդեօք» թատերախաղի մասին, որ շուրջ երկու շաբաթ առաջ ներկայացուած էր Տատեան վարժարանի սրահին մէջ։ Արեւշատութիւն մաղթեցին իրեն, նշելով որ բոլոր հանդիսականները մեծ հաճոյքով դիտեցին հայերէնով խաղ մը։
Այնուհետեւ զրոյցը կեդրոնացաւ 17 Նոյեմբերին կատարուելիք Մատաղօրհնութեան պատրաստութիւններուն վրայ։ Ատենապետուհին յայտնեց որ ամէն ինչ կարգ-կանոնով կ’ընթանայ, այնպէս ինչպէս ամէն տարի։ Այս տարի տարեկան պիւտճէի բացը 14.700 լիրա է։ Եթէ նկատի ունենանք որ անցեալ տարուայ բացը 12 միլիոն լիրայի շուրջ է, տրամաբանական է այս յաւելումը։
Մարի Նալճըն յայտնեց որ Թաղային Խորհուրդը ելմտական ծախսերու մասին տեղեկագիրը պատրաստելով յանձնած է ԷՐՎԱՊ-ի ելմտական յանձնախումբին, նոյն յանձնախումբի ուշադրութեան յանձնած է նաեւ կալուածներու մասին զեկուցումը։
Խօսելով աշակերտութեան թիւի մասին, մեր հիւրերը յայտնեցին որ տարուէ տարի փոփոխութիւններ կ’ըլլան, անցեալ տարի 394 աշակերտ ունէին, այս տարի թիւը իջած է 370ի։ Ատենապետուհին այս ցուցանիշը կապեց այն իրողութեան, որ անցեալ եւ այս տարի երեք տարեկաններու խումբ չունին. այս մանուկներու համար տարբեր պայմաններու պէտք կայ, իսկ իրենք չունին այդ կարելիութիւնները։
Վարժարանի ուսուցչական կազմը 48 հոգի է։ Եկեղեցիէն, դպրոցէն եւ գերեզմանատունէն ներս ունին 20 պաշտօնեայ։ Բոլորը միասին հիմա կը պատրաստուին մատաղօրհնութեան։ Բացի ատկէ միշտ հետամուտ են իրենց պարտականութեան։ Շաբթուան մէջ անպայման թաղական մը եկեղեցւոյ մէջ կ’ըլլայ, Կիրակիի արարողութիւններուն կը մասնակցին 3-4 թաղականներ, հաշուեքննութիւնը կանոնաւոր կը կատարեն ու կը հետեւին։
Մենք ալ մեր ցաւերու մասին խօսեցանք։ Յիշեցուցինք որ որպէս հայ մամուլ շատ ծանր օրեր կը դիմագրաւենք, չկարենալով նոյնիսկ թերթ հասցնել կարգ մը թաղերուն։
Հանդիպման աւարտին յաջողութիւն մաղթեցինք Պաքըրգիւղի ընտանիքին։
İlk yorum yapan siz olun