Գրեց՝ Արի Հատտէճեան
Շաբաթավերջին համայնքի ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ ընկերային հարթակներու վրայ հրապարակուած լուրի մը վրայ։ Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականներէն վեց հոգի միասնաբար հրաժարած էր պաշտօնէն։
Հրաժարականի լուրին մէջ որեւէ լուսաբանութիւն չկար, միայն հրաժարած ըլլալը յայտարարուած էր։
Երէկ վեց թաղականները միասնաբար յայտարարութիւն մը ընելով, ներկայացուցին իրենց հրաժարականի պատճառները։
Անշուշտ ցաւալի է դէպքը։ Համայնքի համակրանքին արժանանալով ընտրուած թաղականները, կը ստիպուէին հրաժարիլ։ Ծանօթ չենք ներքին ծալքերուն, չենք գիտեր թէ ո՞վ իրաւունք ունի եւ ո՞վ անիրաւ է, բայց յայտնի է որ մեր այս արժէքաւոր երիտասարդները վշտացած են, դառնացած են կարգ մը պատճառներու բերումով։
Մեր կարծիքով միջադէպը ունի նոյնքան ցաւալի ուրիշ երեսակ մը եւս։ Բոլոր այս յայտարարութիւնները, լրատուութիւնները, լուսաբանութիւնները կատարուած են,- ու կը կատարուին,- ո՛չ թէ հայերէնով, այլ տեղական լեզուով, կ’ուղարկուին ո՛չ թէ հայերէն թերթերու, այլ ընկերային տիժիթալ հարթակներու։
Այս երիտասարդ ընկերները, որոնք ՀԱՅ եկեղեցիին պատասխանատուութիւնը ստանձնելու համար համայնքէն լիազօրութիւն խնդրելով եւ քուէ ստանալով թաղական ընտրուած էին, եւ որոնք հիմա հայ լեզուն եւ հայ թերթը այսպէս կ’արհամարհեն, չե՞ն խորհիր որ իրենց այս վարուելակերպով անկարելի է որ արժանի չափով սատարեն ՀԱՅ եկեղեցիին։
Պէտք չէ մոռցուի որ մեր եկեղեցին ամէն բանէ առաջ ՀԱՅ եկեղեցի է եւ գոնէ նուազագոյն յարգանքը կը պահանջէ մեր լեզուին, եւ անոր հետ զուգահեռաբար, մեր հայ թերթերուն նկատմամբ։
Մեր միւս սիւնակներուն մէջ, հրատարակած ենք հրաժարականի իրենց լուսաբանութիւնը, զայն թարգմանած ենք հայերէնի, յարգելով թէ՛ մեր հայախօս ընթերցողները, թէ՛ մեր լեզուն, թէ՛ մեր եկեղեցին։
İlk yorum yapan siz olun