İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԸ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կը շարունակէ իր շփումները։

4 Նոյեմբեր 2024, Երկուշաբթի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան եւ օծման 25ամեակն էր։ Նոյն օր Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ իր եպիսկոպոսական անդրանիկ Ս. Պատարագը մատոյց Գերշ. Տ. Առէն Եպս. Շահէնեան։ Վեհափառ Հայրապետի 25ամեակին առթիւ կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք, որուն հանդիսապետեց Նորին Ամենապատուութիւնը։

Նոյն օր, Մայր Աթոռոյ դիւանատան մէջ կատարուեցաւ նաեւ շքանշանի յանձնում։ Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ կատարուած հանդիսութեամբ ներկայ եղաւ նաեւ մեր Հոգեւոր Պետը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշանով պարգեւատրուեցաւ բարերար Աշոտ եւ Լորա Թունեան ամոլը։

Նորին Ամենապատուութիւնը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ հաւաքուած Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի 5-6 Նոյեմբեր 2024ի նիստերուն ատենապետութիւնը կը վարէ։

Մեր Հոգեւոր Պետը 5 Նոյեմբեր 2024, Հինգշաբթի երեկոյ, Էջմիածնի Հայորդեաց Տան սրահին մէջ կայացաւ հանդիպում մը, ուրն նախագահեց Նորին Ամենապատուութիւնը։ Մեր Հոգեւոր Պետը մօտ մէկ ժամ իւրայատուկ ոճով զրուցեց ուրախութիւն գաղափարի մասին՝ Յովհաննէս 6.20 համարով, ուր Յիսուս կ’ըսէ. «Մի՛ վախնաք, ես եմ» ( https://www.youtube.com/watch?si=DYpnOx2HyHdsPID4… )

Մեր Հոգեւոր Պետը 6 Նոյեմբեր 2024, Չորեքշաբթի առաւօտ ընդունեց Գերշ. Տ. Վահան եւ Գերշ. Տ. Դանիէլ Եպս.ները, որոնք «Մի՛ վախնաք, ես եմ» (Յովհաննէս 6.20) նիւթով եւ անգլերէն հարցազրոյց մը կատարեցին մեր Հոգեւոր Պետին հետ՝ անգլիախօս հայորդիներուն համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ տուաւ նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան, անոր անցեալին ու այժմու առաքելութեան մասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը, 7 Նոյեմբեր 2024, Հինգշաբթի, կը վերադառնայ Աթոռ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın