ԵՐԳՉՈՒՀԻ ՍԻՊԻԼ ԵՒ ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ ՍԵՐՈՒԺ ԳԸՐԱՃԵԱՆ ՆՈՅՆ ԲԵՄԸ ԲԱԺՆԵՑԻՆ
…
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) Պրազիլի մասնաճիւղը, հիմնադրութեան 60ամեակի առիթով իւրայատուկ ու եզակի համերգ մը սարքեց Սան Փաուլոյի մէջ։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 28 Հոկտեմբերին, «Իւնիմէտ» թատրոնի սրահին մէջ։ Բեմը բաժնեցին հայ երաժշտութեան երկու նուիրեալներ՝ Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ եւ դաշնակահար Սերուժ Գըրաճեան։
Համերգը յիշարժան պահեր ապրեցուց հանդիսականներուն, հայկական դասական երաժշտութենէն մինչեւ ժամանակակից երաժշտութիւն, նաեւ միջազգային ու պրազիլական թէմաներով երգացանկ։
«ՀԲԸՄ-Պրազիլ»ի նախագահ Աւետիս Մարկոսեան բացման խօսքին մէջ ընդգծեց որ տօնակատարութիւնը իւրայատուկ պահ է համայնքին համար եւ հպարտ են որ այս առիթով հանդէս կուգան համբաւաւոր արուեստագէտներ, ինչպիսին են Սիպիլ ու Սերուժ Գըրաճեան։ «Այս օրը պիտի յիշենք որպէս մշակոյթի ու զգացումներու գիշեր։ Անիկա պիտի ցոլացնէ մեր կազմակերպութեան ոգին ու առաքելութիւնը՝ այս վեց տասնամեակներու ընթացքին», ըսաւ Պր. Մարկոսեան։
Երեկոյի ընթացքին յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Եզնիկ Վրդ. Կիւզէլեանին, որ նոյնպէս կարեւոր դեր ունի «ՀԲԸՄ-Պրազիլ»ի եւ Պրազիլի հայ համայնքի պատմութեան մէջ։ Կիւզէլեան կնոջ եւ որդւոյն հետ միասին Պրազիլ հաստատուած է 1982ին՝ ստանձնելով Սան Փաուլոյի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ ծխական քահանայի պաշտօնը, նաեւ ուսուցչագործած ու պաշտօնավարած է հայ ազգային Տուրեան վարժարանի մէջ։ 2017ին ան արժանացած է «Ս.Սահակ-Ս.Մեսրոպ» շքանշանին։
İlk yorum yapan siz olun