Նոր շաբաթին սկսանք կարեւոր լուրով մը, որ մօտէն կը հետաքրքրէ համայնքը։ Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդէն վեց անդամ հրաժարական ներկայացուց, յայտնի դարձնելով որ հին ու նոր անդամներու միջեւ ստեղծուած տարակարծութիւններու վիհը անընդհատ խորացած է, իրավիճակը հասցնելով այս կէտին։
2022ի ընտրութիւններուն երկու ցանկ թեկնածու ներկայացած էր։ Յաղթող հռչակուած էր Կարպիս Գալայճեանի գլխաւորած «Նարնջագոյն» ցանկը, հետեւեալ անդամներով. Արարատ Կիւրկէն, Արէտ Քիս, Արթուն Թոքաթլըօղլու, Պօղոս-Գէորգ Մալխասեան, Լինտա Չեթինգայա, Լոռի Զօրվարեան, Մուրատ-Արէտ Մարտիկեան, Սարօ-Պիրօլ Ոսկան, Սելվին Բարունակեան-Էօզկիւլ, Թամար Սինանօղլու-Կէօքչէօղլու։ Այժմ այս խումբէն վեց անդամ,- ի դէպ 4ը իգական սեռի ներկայացուցիչ եւ 2ը՝ արական,- հրաժարած են, թէեւ Թաղային Խորհուրդը տակաւին չէ քննարկած անոնց դիմումները։
Այդ վեց հոգին են Արարատ Կիւրկէն, Արէս Քիս, Լինտա Չեթինգայա, Լոռի Զօրվարեան, Սելվին Բարունակեան-Էօզկիւլ եւ Թամար Սինանօղլու-Կէօքչէօղլու։ Անոնք երէկ համայնքի ուշադրութեան յանձնեցին իրենց «Լուսաբանութիւն»ը՝ թրքերէն լեզուով։ Ստորեւ, թարգմանաբար մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք զայն.-
Պարտք կը նկատենք հանդէս գալ գրաւոր այս յայտարարութեամբ եւ լուսաբանել համայնքի բոլոր այն անդամները, որոնք Թաղային Խորհուրդի ընտրութիւններու ընթացքին զօրավիգ կանգնեցան մեզի, ծանր բեռ մը դնելով մեր ուսերուն վրայ, իսկ հիմա հրաժարականի մեր այս դիմումով մենք յուսախաբ կ’ընենք զանոնք։ Այդ ցաւը կը զգանք ու ատոր համար է որ որպէս հրաժարեալ թաղականներ կը յայտարարենք որ ընտրութիւններէն անմիջապէս յետոյ, պաշտօն ստանձնելու առաջին իսկ օրէն սկսեալ տարակարծութիւնները, հաղորդակցութեան բացակայութիւնը եւ խումբին մէջ ստեղծուած անդունդը,- որ յառաջացաւ աշխոյժ եւ հաւասար առաջադրութիւններու մեր պահանջներու պատճառով,- մեզ ստիպեցին որ այս քայլը առնենք։
Ցաւ ի սիրտ կը յայտարարենք որ ներգրաւուած չենք եղած մեր եկեղեցւոյ կառավարման գործընթացներու եւ որոշումներու մէջ։
Ցաւ ի սիրտ կը յայտնենք որ համայնքային կարեւոր գործիչներու հետ մեր հանդիպումները չկրցան հանգուցալուծում գտնել մեզի համար չափազանց յոգնեցուցիչ եւ տխուր այս գործընթացին։
Մեր եւ Թաղային Խորհուրդի երկարամեայ միւս անդամներու միջեւ տարակարծութիւնները աստիճանաբար աւելցան։ Ընտրութիւններէն ետք պաշտօններու բաշխում չկատարուեցաւ, մենք իրաւունք չունէինք հաւասարը-հաւասարի հետ խօսելու, մեր կարծիքը յայտնելու։ Այդ իսկ պատճառով անտեղի նկատեցինք միայն որպէս անուն մնալ Թաղային Խորհուրդի կազմին մէջ ու որոշեցինք հրաժարական ներկայացնել։
Մեր սիրոյ կապը յաւերժ է մեր եկեղեցւոյ հետ։ Մեր անսահման երախտագիտութիւնը կը յայտնենք հասկացողութեան եւ աջակցութեան համար։
Այս առիթով կը տեղեկացնենք նաեւ որ որոշած ենք գործընթացներու մէջ ներգրաւուիլ այլ նախագծերով, յստակ օգուտ բերելու համար մեր համայնքին։
İlk yorum yapan siz olun