İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԷՐՎԱՊ-Ի ԵՐԷԿՈՒԱՅ ԺՈՂՈՎԸ

ԷՐՎԱՊ երէկ երեկոյեան, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ գումարեց աշնանային եղանակի իր անդրանիկ ժողովը՝ Պետրոս Շիրինօղլուի նախագահութեան ներքեւ։

Օրակարգի վրայ ընդգրկուած էին հետեւեալ հարցերը.

– 6 Մայիս 2024 թուակիր վերջին ժողովի արձանագրութեան ընթերցում եւ քուէարկութիւն։

– ԷՐՎԱՊի նախագահ եւ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի բացման խօսքը։

– Խասգիւղի (Հասքէօյ) գերեզմանատան վարչութեան տեղեկագիրը։

– Կրթական յանձնախումբի գործունէութեան մասին զեկուցում։

– Կրօնքի դասերու ուսումնական ծրագրի համար պիւտճէ։

– Յուղարկաւորութիւններու ընթացքին կատարուած նուիրատուութիւններու նոր համակարգի մասին քննարկում։

– Առաջարկներ։

Տրուած ըլլալով որ ժողովը փակ էր մամուլին, չենք կրնար սպառիչ լուրեր հաղորդել մեր ընթերցողներուն։ Մեր ստացած տեղեկութիւններու համաձայն, Կրթական յանձնախումբի անունով Պէյօղլուի եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի անդամ Սեւան Կարապետեան ներկայացուցած է իրենց գործունէութիւնը եւ կրթական մարզի ընդհանուր պատկերը։ Խասգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Սեւան Չաւուշեան ներկայացուցած է եկեղեցապատկան կալուածները ետ ստանալու հարցով դատական գործընթացները։ Յուղարկաւորութիւններու ընթացքին նուիրատուութիւններու նոր համակարգ մը հաստատելու հարցով որեւէ լուծում չէ գտնուած տակաւին, տնտեսական յանձնախումբը գործի լծուած է այս ուղղութեամբ։

ԷՐՎԱՊի ատենադպիր Լեւոն Գուզիքօղլու նախապէս ըսած էր որ Պր. Պետրոս Շիրինօղլու ժողովէն քանի մը օր յետոյ յայտարարութիւններ պիտի ընէ մամուլին։

https://www.facebook.com/profile.php?id=100091502692999

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın