İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏՈՉ. ՏՕՔԹ. ԴԱԼԱՐ ՎԱՐԴԱՆՕՂԼՈՒ-ԱՔԹՈՔՄԱՔԵԱՆ՝ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ

Քանի մը օրէ ի վեր համացանցի վրայ եւ ընկերային ցանցերու հայկական հարթակներուն վրայ կը շրջի ընդհանուր վիրաբոյժ, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի բժշկական անձնակազմէն Տոչ. Տօքթ. Դալար Վարդանօղլու-Աքթոքմաքեանի անունը։ Համայնքի ծոցէն հասած պատուաբեր այս բժշկուհին ո՛չ միայն իր ասպարէզը կը գործադրէ, այլ նաեւ իր ոլորտին առնչակից կարեւոր յօդուածներով ուշադրութիւն կը գրաւէ բժշկագիտական ոլորտէն ներս։ 

Տօքթ. Վարդանօղլու-Աքթոքմաքեան շաբաթավերջին պարգեւատրուեցաւ Յունաց Պարթոլոմէոս Պատրիարքի ձեռամբ։ Ան արժանի նկատուեցաւ «Երիտասարդ գիտնականներ» մրցանակին։ Մրցանակատուչութիւնը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի յոյներու համընդհանուր դաշնութեան կազմակերպութեամբ՝ ի յիշատակ 19րդ դարու կարեւոր բժիշկներէն մէկուն՝ Մարքօ Փիցիփիոս փաշայի։

Մրցանակը ստանալէ ետք Տօքթ. Դալար Վարդանօղլու-Աքթոքմաքեան իր սրտի խօսքը արտասանեց, ուրախութիւն յայտնելով գնահատանքի արժանանալու համար։ Ըսաւ որ այսպիսի պարգեւներ կ’ամրապնդեն բժիշկներու ջանքերը՝ հասարակութեան առողջութեան նպաստելու տեսակէտէ։

Տօքթ. Վարդանօղլու-Աքթոքմաքեանի մասնագիտական շրջանակներուն մէջ են կրծքագեղձի վիրաբուժութիւնը, վահանաձեւ գեղձի, շաքարախտի, գիրութեան, աղիքային ճողուածքներու վիրահատութիւնները, նաեւ ուռուցքաբանական վիրաբուժութիւնը, եւլն։

Յիշեցնենք որ Տօքթ. Վարդանօղլու ծնած է 1989ին եւ շրջանաւարտ եղած է Ետիթէփէի բժշկական համալսարանէն։ Աշխատած է Վանի Մուրատիէի պետական հիւանդանոցի, Պաղճըլարի ուսումնական ու հետազօտական հիւանդանոցի, Կարսի Սարըքամըշի պետական հիւանդանոցի, «Մետիքալ Փարք» հիւանդանոցի մէջ, իսկ վերջին քանի մը տարիներուն ան միացած է Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի անձնակազմին։

Կը շնորհաւորենք Տօքթ. Դալար Վարդանօղլու-Աքթոքմաքեանը եւ մասնագիտական նոր ձեռքբերումներ կը մաղթենք իրեն։ 

https://www.facebook.com/photo?fbid=471210965938989&set=a.135021036224652

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın