Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Խաժակ Սրբազան երէկ հեռաձայնով կապ հաստատեց թերթիս խմբագրութեան հետ։ Սրբազանը, որ քանի մը օրուան այցելութեամբ քաղաքս կը գտնուի, խօսեցաւ մեր Հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեանի հետ, յղելու համար իր ողջոյնները։
Սրբազանը հետաքրքրուեցաւ մեր Աւագ խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի առողջական վիճակով, իր ուրախութիւնը յայտնեց, լսելով որ Հատտէճեան միտքով միշտ պայծառ է եւ թերթիս վրայէն պակաս չի թողուր իր բարոյական հսկողութիւնը։
Սրբազան Հայրը յայտնեց որ մօտէն կը հետեւի Մարմարա-ի առաքելութեան եւ մեծապէս կը գնահատէ խմբագրութեան տարած հսկայ եւ դժուարին աշխատանքը՝ տոկալ ինչ ինչ դժուարութիւններու եւ միշտ պատնէշի վրայ պահել թերթին վարկը։
Խաժակ Սրբազան յայտնեց որ Պոլիս ժամանած է մասնակցելու ընտանեկան հարսնիքի մը եւ առիթէն օգտուելով մասնակցած է նաեւ Գալֆաեան Տան մատաղօրհնութեան։ Իսթանպուլէն պիտի բաժնուի վաղը, 30 Հոկտեմբերին։
Ան իր ողջոյնները յայտնեց Մարմարա-ի անձնակազմին եւ ըսաւ որ կ’աղօթէ մեր Խմբագրապետի առողջութեան համար։
Մենք ալ շնորհակալութիւն կը յայտնենք սիրելի Սրբազանին՝ իր հետաքրքրութեան համար եւ յաջողութիւն ու կարողութիւն կը մաղթենք ի
https://www.facebook.com/photo?fbid=470533789340040&set=a.135021036224652
İlk yorum yapan siz olun