Յակոբ Տիւնեայեան շնորհաւորական նամակ մը յղեց մեր խմբագրապետին
….
27 Հոկտեմբեր թուականը հայ ժողովուրդի եւ Պոլսահայութեան վերջին վաթսուն տարիներու կեանքին մէջ կը նոյնանայ երեք իրադարձութիւններուն հետ։
27 Հոկտեմբեր 1967 թուականին մեր աւագ խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեան ստանձնեց «Մարմարա»ն ղեկավարելու, խմբագրապետի իր «շրջան»ի սկզբնակէտը դնելու պատասխանատուութիւնը։ Շուրջ 57 տարիէ ի վեր ա՛ն է 85ամեայ օրաթերթի «նահապետ»ն ու առաջնորդը՝ ստեղծագործական իր մեծ վաստակով ու վարպետ լրագրողի, հրապարակախօսի, գրագէտի ու գրականագէտի ուրոյն աւանդով։
Երկրորդ իրադարձութիւնը «ողբերգութիւն» մըն է, աղէտ մը, որ պատուհասեց Հայաստանն ու սկիզբը դրաւ անփառունակ բարքերուն։ 27 Հոկտեմբեր 1999ին գլխատուեցաւ Հայաստանի պետական աւագանին, երկիրը թաղելով յաջորդող տարիներու դաժան ոդիսականին հետ։
Երրորդ իրադարձութիւնը Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ընտրութեան տարեդարձի օրն է որ մնաց Խորհրդարանի սպանդի ծանր շուքին տակ։
Կը շնորհաւորենք մեր Աւագ Խմբագրապետն ու կենաց արեւշատութեան մեր մաղթանքներով կ’աղօթենք որ իր հովանին շարունակէ աշխատելու ոյժ եւ կորով պարգեւել մեզի։
Ստորեւ կը հրատարակենք նաեւ մեր պատուակալ աշխատակից Յակոբ Տիւնեայեանի շնորհաւորական նամակը՝ ուղղեալ մեր Խմբագրապետին.-
Պատուարժան տնօրէնութիւն եւ խմբագրութիւն պոլսահայ «Մարմարա» օրաթերթի,
«Ծաղիկ» եւ «Աղթամար» թերթերու համատեղ խմբագրութիւնը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ «Մարմարա»ի մեծավաստակ խմբագրապետ Պարոն Ռոպէր Հատտէճեանը, որ ուղիղ 57 տարի առաջ, 1967-ի Հոկտեմբեր 27-ին, թերթին խմբագրապետութիւնը ստանձնելով նոյն թերթի հիմնադիր Սուրէն Շամլեանի, ապա վերջինին դստեր եւ փեսին՝ Սեդա եւ Պետրոս Զօպեաններու փափաքով, այնուհետեւ տակաւ առ տակաւ «Մարմարա»ի վարկն ու մակարդակը՝ պոլսահայ, հայաստանեան եւ սփիւռքեան բոլոր շրջանակներու մէջ բարձրացուց պատուաբեր եւ համաժողովրդական դիրքի, փնտռուած թերթի, իր շուրջ համախմբելով մտաւորականներու, ընթերցող բարեկամներու շքեղ հոյլ մը աշխարհի զանազան ծագերէ։
Արդարեւ, սակայն, դիւրին չեղաւ Հատտէճեանի «Մարմարա»ի ճանապարհորդութիւնը։ Ան տասնամեակներու ընթացքին յաջողեցաւ շրջանցել բազում դժուարութիւններ եւ փորձութիւններ. առաւել՝ շեշտուածօրէն յատկանշական եղաւ խմբագրապետին ցուցաբերած յատուկ հոգատարութիւնը հայ լեզուին ու գրականութեան, մշակոյթին, Մեսրոպ Մաշտոցի հայերէնին հանդէպ ներբողական բիւրաւոր էջերով։
Այսօր, ոչ միայն մեծ խմբագրապետին կ’ըսենք «Վարձքդ կատար, սիրելի Վարպետ», այլ նաեւ կ’աղօթենք առ Աստուած, որ Ամենակալը կայուն առողջութիւն տայ սիրելի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանին եւ անոր ազնուափայլ կողակիցին՝ Տիկին Սիւզան Դամիկեան-Հատտէճեանին, որոնք շուրջ վեց տասնամեակէ ի վեր կը նաւավարեն Հայ մամուլը քաղաքական անկայուն աշխարհի մը մէջ, միշտ պանծացնելով եւ տարածելով Հայ լեզուն, գրականութիւնը, մշակոյթը, փառաբանելով մեր մշակութային օճախները, Հայ եկեղեցին եւ արուեստները։
Խոնարհում՝ մեծ խմբագրապետին ծանրակշիռ վաստակին առջեւ։ Արեւշատ եւ առողջ տարիներ կը մաղթենք իրեն։
Խոնարհօրէն՝ Յակոբ Տիւնեայեան
«Ծաղիկ» եւ «Աղթամար» գրական-մշակութային թերթերու հիմնադիր-խմբագիր
Արշակ Չօպանեան Մշակութային Միութեան հիմնադիր-նախագահ
Պէյրութ, 27 Հոկտեմբեր 2024
https://www.facebook.com/photo/?fbid=469827102744042&set=a.135021036224652
İlk yorum yapan siz olun