Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 28 Հոկտեմբեր 2024, Երկուշաբթի իրիկուն, Եշիլգիւղի Wow Հիւրանոցի մէջ ներկայ եղաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան տօնի առթիւ Ստանպուլի Կուսակալ Տաւութ Կիւլի սարքած ընդունելութեան: Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանար գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան:
Հանրապետութեան հռչակման 101ամեակին առթիւ կազկապերպուած ընդունելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը անձամբ շնորհաւորեց Ստանպուլի Կուսակալ Տաւութ Կիւլը եւ իր ու Հայ համայնքի անունով բարեմաղթութիւններ ըրաւ:
Ընդունելութեան մասնակցեցան դիւանագիտական շրջանակներ, հոգեւոր պետեր, համայնքներու ներկայացուցիչներ:
https://www.facebook.com/photo?fbid=854925500177350&set=a.388050840198154
İlk yorum yapan siz olun