İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԵՐՇ. Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔԵՊՍ.Ի ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայըը 28 Հոկտեմբեր 2024, Երկուշաբթի, յետ միջօրէին, ընդունեց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Վատիկանի ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեանի այցը։

Հիւր Սրբազան Հայրը, որ իր բարեկամին Ս. Պսակի խորհուրդին մասնակցելու համար քաղաքս կը գտնուէր, եկած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Նորին Ամենապատուութեան։

Մօտ մէկ ժամուան հաճելի զրոյցի ընթացքին մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց եղբայրական այցելութեան համար։

https://www.facebook.com/photo?fbid=854844373518796&set=a.388050840198154

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın