İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ԲԵՐԿՐԱԼԻ ՕՐ ՄԸ

Համայնքը տէր կանգնեցաւ դարաւոր «բոյն»ին

Միասնութիւնը ոյժ է, հաւաքական կամքի յաղթանակ, զօրակցութեամբ շահիլ եւ շահեցնել։ Այս արտայայտութիւնները կը ցոլացնեն երէկուայ բերկրառատ մթնոլորտը, որ ստեղծուեցաւ Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան տարեդարձի առիթով։ Դարաւոր որբանոցի բարոյական արժէքին հետամուտ համայնքային շրջանակներ եւ գործիչներ, բազմաթիւ անհատներ տէր կանգնեցան այս յարկին, անոր պատասխանատուներուն, անուշիկ սան-սանուհիներուն, որոնք միասնաբար կը պահեն վարժարանի անխափան երթը ու գոյատեւումը։

Քանիցս գրեցինք ու վարիչներուն հետ միասին ահազանգ հնչեցուցինք, համայնքին յիշեցուցինք որ տարբեր է Գալֆաեան տան պարագան, ան իր հանգամանքով, իր իւրօրինակութեամբ Պոլսահայութեան ներկայութիւնն է՝ 18րդ դարէն հասնելով մինչեւ 21րդ դարու այս առաջին քառորդը։ Բոլորս պատասխանատուութեան մեր բաժինը ունինք եւ պէտք չէ թողունք որ տեղ մը կաղացում մը ըլլայ, կամ հարցականի տակ դրուի Գալֆաեան Տան ապագան։ Լաւ որ ունեցանք ազգայիններ, յատկապէս Իսթանպուլի ասիական ափի եկեղեցիներու Թաղային Խորհուրդները, որոնք ձեռք ձեռքի տալով զօրակցութեան արշաւի մը ձեռնարկեցին, ապահովելով գոհացուցիչ արդիւնք մը, այնպիսի նուիրահաւաքում մը, որ հանգիստ շունչ մը քաշել տուաւ Գալֆաեանի Խնամակալութեան։ Միասնութիւնն է որ յաղթանակեց, զօրակցութեան ոգին է որ օղակ առ օղակ շաղկապուելով ագուցեց նուիրահաւաքումի շղթան եւ գրեթէ ամբողջութեամբ հաւասարակշռեց 2024-2025ի տարեկան պիւտճէն։

Երէկուայ հանդիսութիւնները, յատկապէս Սիրոյ Սեղանէն ետք բոլորի դէմքէն ճառագող ուրախութիւնը, ողջագուրումները, շնորհաւորութիւնն ու շնորհակալութիւնը անգամ մը եւս փաստեցին որ Պոլսահայութիւնը կը համախմբուի ու զօրաշարժի կ’անցընէ իր նուիրեալները ի շահ համայնքի, ի շահ նորահաս սերունդի։

Տարբեր էր երէկուան շունչը։ Աշնանային եղանակը իր լաւագոյն օրերէն մին կ’ապրեցնէր բոլոր ժամանողներուն, բոլոր հիւրերուն եւ հրաւիեալներուն, որոնց սիրտը կը բաբախէր Գալֆաեանի համար։

Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ էին արարողութիւնները։ Օրուան հանդիսաւոր Ս. Պատարագը մատոյց՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Գալֆայեան Ուխտի միաբանուհի Առաքինազարդ Քոյր Գայիանէ Կսրկ. Տուլքատիրեան, եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Կարպիս Գըլըճեանի։

Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիէն Արժ. Տ. Տիմիթրի Աւ. Քհնյ. Մայօղլու, ինչպէս նաեւ Ալֆրետ Սունայի ատենապետած խնամակալութեան եւ կարգադիր յանձնախումբի անդամները։

Ս. Պատարագի աւարտին, Պատրիարք Հայրը քարոզեց «Աշակերտը իր ուսուցիչէն աւելի բարձր չէ» (Մատթէոս 10.24) բնաբանով։ Նորին Ամենապատուութիւնը նախ անդրադարձաւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներուն՝ տասերկու առաքեալներուն եւ մինչեւ հարիւր քսան աշակերտներուն եւ հետեւորդներուն։ Ապա անդրադարձաւ, որ հաւաքուած ենք նաեւ Գալֆայեան Վարժարանի համար՝ անոր պիւտճէի բացը հաւասարակշռելու համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ Սրբուհի Մայրապետ Գալֆայեանի հիմնած այս սրբազան հաստատութիւնը տնտեսական օգնութեան կարիք ունի եւ բոլորը հրաւիրեց օժանդակելու այս սուրբ գործին։ Այս հաստատութիւնը Քրիստոսի նման խօսող աղջնակի մը՝ Սրբուհի Գալֆայեանի ձեռակերտն է։ Պատմեց Սրբուհի Գալֆայեանի կատարած մեծ գործը, որուն արդիւնքները մինչեւ այսօր կը վայելենք։

Մեր Հոգեւոր Պետը փոխանակ յուսահատելով Գալֆայեանի փակման մասին խօսելու, Սրբուհի Մայրապետի նման Քրիստոսի պէս մտածելու եւ խօսելու ու գործելու, Գալֆայեանը բաց պահելու հրաւիրեց բոլորը։ Այս կը պահանջէ մեր քրիստոնէութեան ուխտը։ Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց, շնորհաւորեց ու գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք Քրիստոսի նման կը խօսին ու կը գործեն, ինչպէս Գալֆայեան Տան Խնամակալութիւնը, Վարժարանի տնօրէնը, ուսուցչաց կազմը եւ բոլոր ծառայողները։ Իսկ ժողովուրդը հրաւիրեց իր նիւթական նպաստը բերելու Գալֆայեան Վարժարանի բարգաւաճման համար։

Ապա, հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան Գալֆայեան Տան բոլոր մայրապետները, քոյրերը, բարերարներն ու սատարողները։

Նորին Ամենապատուութեան տուած օրհնութեամբ աւարտին հասան եկեղեցական հանդիսութիւնները։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, յարակից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ, սարքուեցաւ աշխարհիկ հաւաքոյթը։ Հոյակապ պատկեր մը պարզուեցաւ մեր աչքերուն առջեւ։ Տիկնանց Կազմը՝ Ատենապետուհի Տիկին Թագուհի Կիւլի գլխաւորութեամբ, ամէնէն յետին մանրամասնութիւններու մասին խորհելով, համեղ ուտելիքներով, համադամներով խնամեալ սեղաններ պատրաստած էր աւելի քան 400 հոգիի համար։ Գալֆաեան Տունը խորհրդանշող կապոյտն ու ճերմակը տիրապետող էին ամենուրեք։ Իսկապէս Սիրոյ Սեղանի շունչը կար եւ ժողովուրդի կամքը՝ յոյսով ու ակնկալութեամբ։

Պատրիարք Հօր աղօթքով բացուեցաւ հաւաքոյթը ու սկսաւ նուիրահաւաքումը։ Մինչ այդ գործադրուեցաւ գեղարուեստական փայլուն յայտագիր մը, որպէս փաստ հայեցի կրթութեան։ Այնպէս ինչպէս մեր միւս սիւնակներուն մէջ գրած ենք որ «տարուայ իրադարձութիւն» կարելի է կոչել Կոմիտասեան համերգը, այնպէս ալ վստահօրէն կը հաստատենք որ Գալֆաեան Տան ի նպաստ սարքուած երեկուայ արարողութիւնները եւ Սիրոյ Սեղանի յայտագիրը կը յաւակնի «լաւագոյն»ը ըլլալու կոչումին։ Տնօրէնուհի Թամար Ներկիզի եւ ուսուցչական կազմի կողմէ պատրաստուած յայտագիրը դիտուեցաւ, ունկնդրուեցաւ մեծ հետաքրքրութեամբ, գնահատանքի ծափերով, հայաբոյր շունչը ապրելու գոհունակութեամբ։ Երգն ու պարը, արտասանութիւնն ու պատգամները միաձուլուած էին ցոյց տալու համար որ տղաքը հայախօսութեան կը վարժուին տարիներու ընթացքին, կրթութեան տարիներուն ուսուցիչներու ջանքով հաղորդ կը դառնան հայ մշակոյթին ու ապրումներուն։

Օրուան խօսնակն էր 22 տարուայ ուսուցչուհի Սելին Գալֆա-Եամաչի։ Ան յատկապէս ընդգծեց որ այսօրուայ հանդիսութիւնները խորհրդանիշն էին ո՛չ միայն վարժարանի գոյատեւման, այլ նաեւ համայնքի միասնական ոյժին ու իւրաքանչիւրի նուիրումին։ «Համայնքի ամէն մէկ անդամը իր դերն ու տեղը ունի հասարակաց ապրումներուն մէջ, իսկ բոլորիս ջանքն ու եռանդը կը կեդրոնանան դարաւոր համայնքի երթը անսասան պահելու հրամայականին վրայ», նշեց ան։

Ելոյթներով հանդէս եկան Խնամակալութեան Ատենապետ Ալֆրէտ Սունա, տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ եւ աջակից հաստատութիւններու անունով՝ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Մասիս Գույումճու։

Ուսուցիչները հիանալի յայտագիր մը պատրաստած էին, երգերը շէնշող, արտասանութիւնները խորիմաստ, ուղերձները՝ օրուայ իմաստը փոխանցող։

Պարքովիզիոնի դրութեամբ ներկայացուած տեսաերիզը, նաեւ Սրբուհի Գալֆաեանի «պատգամ»ը կը շեշտէին օրուայ շարժառիթի կարեւորութիւնը։ Եւ մինչ այս բոլորը կը հրամցուէին, անդին նուիրահաւաքումը կամաց կամաց կը հասնէր իր աւարտին։

Աջակիցները ծափահարուեցան եւ յուշանուէրներ ստացան Խնամակալութեան անունով եւ Պատրիարք Հօր ձեռամբ։ Գալֆաեանի ընտանիքը երախտագիտութեան պարտք ունէր նաեւ հայերէնի բազմավաստակ եւ երկարամեայ ուսուցչուհի Օր. Արուսեակ Մկրտիչեանի նկատմամբ։ Անոր ալ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ այս օրուայ խորհուրդին համահունչ։ Գնահատանքի արժանացաւ նաեւ Տիկնանց Կազմը ու յուշանուէրը տրուեցաւ Ատենապետուհի Թագուհի Կիւլին։

Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Խնամակալութեան անդամներէն Շահնուր Գազանճը, շնորհաւորելով բոլորը եւ ընդգծելով Գալֆաեան Տան բացառիկութիւնը որպէս հաստատութիւն։

Յայտագրի անակնկալներէն մին էր երաժշտուհի Թամար Էսքէնեանը։ Ան որպէս հիւր ներկայ էր Սիրոյ Սեղանին ու յայտագրին մասնակցեցաւ «Ակնայ օրօր» երգի կատարումով։

Համայնքը երախտագիտութեան եւ յարգանքի տուրք ունէր նաեւ ազգային բարերար Հայկ Ասլանեանի նկատմամբ։ Գալֆաեանի Սիրոյ Սեղանի հաւաքոյթի ընթացքին եւս յոտնկայս ծափահարուեցաւ մեր սիրելի ազգայինը, Պատրիարք Հայրը անոր կեանքը որպէս օրինակ, որպէս տիպար, որպէս ուղեցոյց նկատեց նորահաս սերունդի համար։

Խանդավառ զգացումներով տոգորուն լսեցինք նախ Խաժակ Սրբազանի սրտի խօսքը, յետոյ Նորին Ամենապատուութեան հուսկ բանքը։ Տարեկան պիւտճէի բացը գրեթէ 90 առ հարիւր համեմատութեամբ հաւասարակշռուած էր։ Հաւաքական կամքը իր խօսքը ըսած էր, հաստատելով որ Գալֆաեանը պիտի շարունակէ կրթել եւ զաւակներ հասցնել մեր համայնքին։

Կը շնորհաւորենք Գալֆաեանի ընտանիքը, բոլոր զօրակիցները։

Ն. Ս.

https://www.normarmara.com/arsiv2024-2/281024lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın