Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 27 Հոկտեմբեր 2024, Կիրակի, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահեց Գալֆայեան Տան մատաղօրհնութեան։
Ս. Պատարագը մատոյց՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան: Ս. Սեղանին սպասարկեցին Գալֆայեան Ուխտի միաբանուհի Առաքինազարդ Քոյր Գայեանէ Կսրկ. Տուլքատիրեան, եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Կարպիս Քըլըճեանի։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիէն Արժ. Տ. Տիմիթրի Աւ. Քհնյ. Մայօղլու, ինչպէս նաեւ Ալֆրետ Սունայի ատենապետած խնամակալութեան եւ կարգադիր յանձնախումբի անդամները։
Ս. Պատարագի աւարտին, Պատրիարք Հայրը քարոզեց «Աշակերտը իր ուսուցիչէն աւելի բարձր չէ» (Մատթէոս 10.24) բնաբանով: Նորին Ամենապատուութիւնը նախ անդրադարձաւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներուն՝ տասերկու առաքեալներուն եւ մինչեւ հարիւր քսան աշակերտներուն եւ հետեւորդներուն: Ապա խօսեցաւ ուսուցիչ, աշակերտ ու հետեւորդ յարաբերութեան վրայ եւ ծանրացաւ աշակերտին ալ ժամանակով ուսուցանելու անհրաժեշտութեան վրայ: Յիսուսի աշխարհի կեանքին ընթացքին իսկ Անոր աշակերտները սկսան Անոր պէս խօսիլ: Կենսականը աշակերտին ալ իր ուսուցչին նման խօսիլն է: Յիսուս մեզի սորվեցուց հաւատքով խօսիլ, հաւատք ներշնչել:
Նորին Ամենապատուութիւնը ապա անդրադարձաւ, որ հաւաքուած ենք նաեւ Գալֆայեան Վարժարանի համար՝ անոր պիւտճէի բացը հաւասարակշռելու համար: Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ Սրբուհի Մայրապետ Գալֆայեանի հիմնած այս սրբազան հաստատութիւնը տնտեսական օգնութեան կարիք ունի եւ բոլորը հրաւիրեց օժանդակելու այս սուրբ գործին: Այս հաստատութիւնը Քրիստոսի նման խօսող աղջնակի մը՝ Սրբուհի Գալֆայեանի ձեռակերտն է: Պատմեց Սրբուհի Գալֆայեանի կատարած մեծ գործը, որուն արդիւնքները մինչեւ այսօր կը վայելենք:
Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ թէ փոխանակ յուսահատելով Գալֆայեանի փակման մասին խօսելու, Սրբուհի Մայրապետի նման Քրիստոսի պէս մտածելու եւ խօսելու ու գործելու, Գալֆայեանը բաց պահելու հրաւիրեց բոլորը: Այս կը պահանջէ մեր քրիստոնէութեան ուխտը: Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց, շնորհաւորեց ու գնահատեց այն բոլորը, որոնք Քրիստոսի նման կը խօսին ու կը գործեն, ինչպէս Գալֆայեան Տան Խնամակալութիւնը, Վարժարանի տնօրէնը, ուսուցչաց կազմը եւ բոլոր ծառայողները: Իսկ ժողովուրդը հրաւիրեց իր նիւթական նպաստը բերելու Գալֆայեան Վարժարանի բարգավաճման համար:
Ապա, հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան Գալֆայեան Տան բոլոր մայրապետները, քոյրերը, բարերարներն ու սատարողները։
Նորին Ամենապատուութեան տուած օրհնութեամբ աւարտին հասան եկեղեցական հանդիսութիւնները։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, յարակից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։
Եկեղեցական արարողութիւնը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/423785407429954 ):
Լուսանկարներ՝ ԼՐԱԲԵՐ
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun