Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 24 Հոկտեմբեր 2024, Հինգշաբթի, նամակով մը դիմեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմ. Ռեճեփ Թայյիպ Էրտօղանին ու ցաւակցութիւն յայտնեց Անգարայի մէջ պատահած յարձակումին առիթով:
Նորին Ամենապատուութիւնը իր եւ Թուրքիոյ Հայ համայնքի անունով դատապարտեց ահաբեկչական այս յարձակումը եւ ցաւ յայտնեց հինգ հայրենակիցներու մահուան առիթով:
Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց, թէ կ՚աղօթէ ու Աստուծմէ կը հայցէ մահացողներուն՝ երկնային ողորմութիւն, իրենց պարագաներուն՝ մխիթարութիւն, իսկ վիրաւորեալներուն՝ արագ ապաքինում:
https://www.facebook.com/photo/?fbid=852089793794254&set=a.388050840198154
İlk yorum yapan siz olun