İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Սրտի ցաւով կու գանք տեղեկացնելու Հայ հասարակութեան, թէ 22 Հոկտեմբեր, 2024-ին, Պատրիարքութեանս Կիւլպէնկեան Մատենադարանին մէջ գտնուող առժամեայ Ձեռագրաց պահոցին մէջ արտակարգ հրդեհ բռնկած էր։

Հրդեհի պահուն, բարեբախտաբար Մատենադարանի տեսուչ՝ Տ․ Ներսեհ Վրդ․ Ալոյեան, որ իր գրանսենակին մէջ կ’աշխատէր, կը նշամարէ ելեկտրականութեան տատանում, ապա կը միանայ հրդեհի ազդանշանը։ Վերջինս անմիջապէս լուր կու տայ վանքիս ելեկտրագործին եւ միասին կը բարձրանան Մատենադարանի երկրորդ յարկ՝ ստուգելու ինչ է խնդիրը, եւ կը նշմարէն Ձեռագրապահոցի օդափոխութեան անցքերէն ծուխ կը յորդէ։ Հ․ Ներսեհ անմիջապէս կը հեռախօսէ Ձեռագրատան տեսուչ՝ Տ․ Արշակ Աբղ․ Ղազարեանին, որ կը փութայ եւ կը բանայ պահոցի դուռը եւ ականատես կ’ըլլան թանձր եւ հեղձուցիչ ծուխի ամպերու։ Հազիւ կը նշմարեն, որ պահոցին մէջ ձեռագիրներու համար մնայուն ջերմաստիճան ապահովելու նպատակով զետեղուած օդորակիչը, որ մշտապէս միացուած կ’ըլլար՝ կ’այրի։

Մատենադարնի տեսուչ՝ Հ․ Ներսեհ եւ իր օգնական Օրիորդ Աննա Բարսեղեան, Ձեռագրատան տեսուչ՝ Հ․ Արշակ, ելեկտրագործ՝ Պաշշար Ալ-Ռաժապ եւ վանքիս շարժավար՝ Տիգրան Շահգալդեան ջուրով եւ հրդեհամարիչ կազերով մեծ դժուարութեամբ կը յաջողին մարել կրակը եւ թանձր ծուխի մէջ՝ բանալ պատուհանները։ Ապա լուր կու տան վանքիս Աւագ Թարգման՝ Տ․ Վազգէն Վրդ․ Ալէքեանին, որ հրշէջներ կանչէ։ Հրշէջներ երբ կը ժամանեն անմիջապէս բոլորին դուրս կը հրաւիրեն եւ յատուկ փոմփով կը մաքրեն պահոցին թանձր ծուխը։

Բարեբախտաբար օդորակիչը զետեղուած էր պահոցի անկիւնը՝ հեռու ձեռագիրներու պահարաններէն։ Աստուծոյ ողորմութեամբ հրդեհէն ոեւէ ձեռագիր չէ՛ վնասած, չէ՛ այրուած։ Միակ վնասը պահոցի մէջ լեցուած ծուխէն մնացած մուրն է, որ նստած է Ձեռագիրներու կողերուն, ինչը շուտով կը մաքրուի եւ ձեռագիրները կը փոխադրուին նորաշէն Ձեռագրատուն, որ զինուած է ոչ միայն հակահրդեհային համակարգի ազդանշանով, այլ նաեւ հրդեհի պարագային կրակը անմիջապէս մարելու կազի սրսկման համակարգով։

Կրակը մարելէն յետոյ, հրդեհի պահուն պահոցի մէջ գտնուած՝ Մատենադարանի տեսուչ՝ Տ․ Ներսեհ Վրդ․ Ալոյեան, Ձեռագրատան տեսուչ՝ Տ․ Արշակ Աբղ․ Ղազարեան, Մատենադարանի հաւաքածուներու եւ գրացուցակներու համակարգող՝ Օր․ Աննա Բարսեղեան, ելեկտրագործ՝ Պաշշար Ալ-Ռաժապ, Շարժավար՝ Տիգրան Շահգալդեան, Պատրիարքարանիս հաշուապահ՝ Մուսա Քամար, Պատրիարքարանի մաքրութեան օգնական՝ Ճօնի Պա’ապիշ շտապ օգնութեամբ փոխադրուեցան հիւանդանոց, ապա բժշկական քննութիւններէ եւ անհրաժեշտ ներարկումներէ յետոյ ուշ գիշերին վերադարձան վանք։

Թող Տիրոջ ողորմութիւնը եւ Սուրբ Գլխադրի եւ ձեռագիր մատեաններու գրիչ հայրերու բարեխօսութիւնը անպակաս ըլլայ Սուրբ Աթոռէս եւ յատկապէս անոնցմէ, որ անձնուէր կերպով փութացին մարելու պատահած հրդեհը։

Յ․ Գ․ Տարիներ առաջ, երբ Սբ․ Թէոդորոս Եկեղեցւոյ մէջ անձրեւաջուրեր կը թափանցէին եւ Ձեռագիրները վնասելու վտանգ կը սպառնար, Տնօրէն Ժողովի որոշումով օրուան Տեսուչ՝ Տ․ Շնորհք Աբղ․ Պալոյեան իր օգնականներու հետ միասին Ձեռագիրները ըստ Մայր Ցուցակ Ձեռագրաց Սրբոց Յակոբեանց հատորներու հաշուած եւ փոխադրած է Կիւլպէնկեան Մատենադարանի երկրորդ յարկ՝ յատուկ առժամեայ պահոց։

Երբ Հ․ Շնորհք մեկնեց Հայաստան՝ իր ծառայութիւնը հոն շարունակելու, Տնօրէն Ժողովը նշանակեց Տ․ Ներսեհ Աբղ․ Ալոյեանը որպէս Ձեռագրատան նոր տեսուչ, նաեւ չորս հոգինոց յանձնախումբ մը, որոնք ձեռագիրները մէկ առ մէկ հաշուելէ յետոյ արձանագրութիւն կազմեցին եւ տեղի ունեցաւ յանձնում-ստանձնումը։

2021-ին երբ Ձեռագրատան տեսուչ նշանակուեցաւ Տ․ Արշակ Աբղ․ Ղազարեան, դարձեալ ձեռագիրները երեք հոգինոց յանձնախումբով մէկ առ մէկ հաշուեցան եւ տեղի ունեցաւ յանձնում-ստանձնում։

Յիշեալ փոխանցումներու ժամանակ ձեռագիրները հաշուած եւ ստուգուած են ըստ Նորայր Արք․ Պողարեանի Մայր Ցուցակ Ձեռագրաց Սրբոց Յակոբեանց հատորներու եւ ապա արձանագրութիւն կազմուած եւ ներկայացուած է Տնօրէն Ժողովին։

ԴԻՒԱՆ Ս․ ԱԹՈՌՈՅ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın