Ազգային հինգ հաստատութիւններ։ Ասոնք համայնքային այն կառոյցներն էին որոնք իրենց անուան սկիզբը կը կրէին «Ազգային» անունը եւ տարբեր կարգավիճակ մը ունէին, բարոյական տեսակէտէ տարբեր տեղ մը կը գրաւէին։ Ս. Փրկիչ Ազգ. հիւանդանոցի կողքին, այդպիսի հաստատութիւններ էին՝ Գարակէօզեան որբանոցը, Գալֆաեան տունը, Ս. Խաչ Դպրեվանքը եւ Կեդրոնական Ազգ. վարժարանը։ Մինչեւ 2009 թուական ա՛յս էր կարգավիճակը, բայց նոր Կանոնադրութիւնը այլեւս պատմութիւն դարձուց «ազգային»ի հանգամանքը, վերոյիշեալ հինգ հաստատութիւնները դարձուց սովորական կառոյցներ։
Լաւ որ ժողովուրդի համար պարագան չէ փոխուած։ Լաւ որ համայնքին մէջ տակաւին մեծաթիւ են այն շրջանակները, որոնք կը շարունակեն տէր կանգնիլ «ազգային»ով մկրտուած այդ հաստատութիւններուն, որոնցմէ ամէն մէկը իր խօսքը ըսած է ու հիմա՛ ալ կ’ըսէ պատմութեան։
Գալֆաեան տուն. 158ամեայ վարժարան եւ գիշերօթիկի բաժնով բոյն, որ նախախնամական դերակատարութիւն ունեցած է հայութեան համար բախտորոշ թուականներուն։ Ազգային հաստատութիւն որ իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր մի՛շտ տոկացած է գոյատեւելու, իր ազգային արժէքը փաստելու համար։ Հիմա ալ նոյն դժուարութիւնները կան եւ հակառակ բազում խնդիրներու, միաժամանակ ԿԵԱՆՔ կայ Գալֆաեանի երդիքին տակ, մեր նորահաս սերունդէն խումբ մը տղոց ապագան կը ձեւաւորուի այս կրթօճախէն ներս։
Կիրակի, 27 Հոկտեմբերին Գալֆաեան Տան հիմնարկութեան 158ամեակին նուիրուած արարողութիւններ տեղի պիտի ունենան Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։
Այս առիթով երէկ կէսօրուայ ժամերուն մեր խմբագրատան մէջ ընդունեցինք Գալֆաեանի խնամակալներու եւ Մատաղի Կարգադիր յանձնախումբէն ներկայացուցիչներու այցելութիւնը։ Առաջին անգամ է որ ոգեւոր տրամադրութեամբ տեսանք Խնամակալութեան Ատենապետ Ալֆրէտ Սունան եւ իր գործակից ընկերները՝ հիմնադիր Թամար Գարասու-Մայօղլու, Այգ Էրգման, Մասիս Ռիւսթէմ, Օտէթ Ճանտան, Մատաղի Կարգադիր յանձնախումբի Ատենապետ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Մասիս Գույումճու եւ թաղականներէն Լետա Տիրետուրեան։
Մտերմիկ եւ անկեղծ զրոյց մը ունեցանք մեր հիւրերուն հետ։ Նախ Ատենապետն է որ խօսեցաւ, յիշեցնելով որ ինք եւ ընկերները նիւթական մեծ «պարտք»ով ընդունած էին պաշտօնը եւ տրուած ըլլալով որ երկու տարիները բան մը չփոխեցին, իսկ կարգ մը վարիչներու եւ հաստատութիւններու համար ալ որպէս միակ «լուծում» օրակարգի բերուեցաւ վարժարանը փակելու հարցը, որոշեցին զօրակցութեան արշաւի մը սկսիլ ահազանգ հնչեցնելով բոլորին։
Տարբեր է Գալֆաեան տան պարագան։ Ամէն տեղ եւ ամէն առիթով շեշտած ենք այս մասին, քանիցս գրած ենք որ այս հաստատութիւնը «որբանոց»ի իր կարգավիճակով միակ հաստատութիւնն է ո՛չ միայն մեր համայնքի, այլ ամբողջ հայաշխարհի մէջ։ Այդ «բացառիկ»ութիւնը ունին միայն Գալֆաեանն ու Գարակէօզեանը, որոնցմէ երկրորդը որպէս պատմութեան պատուանուն կը կրէ «Գարակէօզեան որբանոց» անունը, իսկ Գալֆաեան տունը բացի կրթօճախ ըլլալէ, հիմա ալ կը շարունակէ գիշերօթիկի իր կարգավիճակով եւս բո՛յն մնալ Անատոլուէն հոս ուսանելու եկած կամ անապահով ընտանիքներու զաւակներուն։
Ալֆրէտ Սունայի եւ իր ընկերակիցներու խօսքերով, կրթօճախ մը չի կրնար դիտուիլ վաճառականի մը աչքով։ Գալֆաեանը շահոյթ բերող հաստատութիւն մը չէ, բազում ծախսեր կան, նիւթական բացը բարձր է, բայց մի՛շտ այդպէս եղած է ու հակառակ դժուարութիւններուն, Գալֆաեանը ահաւասիկ 158ամեայ անցեալով ասպարէզ կը կարդայ պատմութեան։
«Սամաթիոյ Թաղականութեան օրինակին հետեւելով որոշեցինք մե՛նք ալ Մատաղի Կարգադիր յանձնախումբ մը կազմել։ Մեծ բարեբախտութեամբ Պր. Մասիսը առաջնորդ հանդիսացաւ, ստանձնեց ո՛չ միայն Կարգադիր յանձնախումբի Ատենապետութիւնը, այլ զօրակցութեան արշաւ մը բացաւ, համախմբելով Ասիական ափի բոլոր եկեղեցիները։ Այդքանով ալ չգոհացաւ։ Գուզկունճուքի Թաղային Խորհուրդի անունով այս տարուայ մատաղօրհնութեան համար 1 միլիոն լիրա տրամադրուեցաւ Գալֆաեանին, նաեւ ամբողջ տարուայ ընթացքին տարբեր միջոցառումներով պիտի շարունակուի զօրակցութեան այս արշաւը», դիտել տուաւ Ատենապետը։
Զրոյցը շարունակուեցաւ Պր. Մասիս Գույումճուի դիպուկ դիտարկումներով։ Ըսաւ որ չէին կրնար եւ իրաւունք ալ չունէին անտարբեր մնալու ահազանգ-կոչին։ Համայնքային որեւէ կալուած ոեւէ մէկուն չի պատկանիր, համայնքի՛նն է, հետեւաբար պէտք է ծառայէ համայնքի շահուն։ Այդ է պատճառը որ համախմբուեցանք Գալֆաեանի կողքին, ուզեցինք ցոյց տալ որ միասնութենէ լաւ գործեր ծնունդ կ’առնեն եւ բարեբեր արդիւնքներ կը քաղուին, նշեց ան։ Դիտել տուաւ որ ասիական ափի ութ հաստատութիւններուն միացած է նաեւ Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը։
«Անցեալ տարի քանի մը անգամ այցելեցինք Գալֆաեան վարժարան։ Ձեզի կը վստահեցնեմ որ ուսուցիչները հոյակապ աշխատութիւն կը տանին, հայեցի ոգիով կրթուած տղաք կը հասնին, շատ լաւ հանդիսութիւններ կը կազմակերպեն, տղոց յառաջդիմութիւնը բաւական բարձր է, հայախօսութիւնը նոյնպէս», ընդգծեց Պր. Գույումճու։
Խնամակալներն ու իրենց ընկերակիցները համակարծիք էին որ ներկայ պայմաններու տակ «որբանոց» անունը ժխտական կերպով կ’ազդէ ընտանիքներու ընտրութեան վրայ, մինչդեռ այդ անունը միայն որպէս կարգավիճակ եւ պատմութեան համար կը մնայ, Գալֆաեանը «կայացած» կրթօճախ է, ուր ամէն ուսուցիչ «մայրիկ» ու «քոյր» է բոլորի համար։
«Հայեցիութիւն» կը ջամբէք ձեր աշակերտներուն։ Այսպիսի բանաձեւում մը կատարեց մեր հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեան, ընդգծելու համար որ այն ընտանիքները, որոնք Անատոլուէն գիշերօթիկ ուսման համար Գալֆաեան կը ղրկեն իրենց զաւակները, զանոնք կը փրկեն ուծացումեն ու «հայ» կը պահեն իրենց հայ բոյնին մէջ։
Մեր հիւրերուն խանդավառութիւնը մեզ եւս փոխանցուեցաւ։ Ողջունեցինք զօրակցութեան շարժումը, մաղթելով որ այս Կիրակիի նուիրահաւաքումը հասնի իր նպատակին։ Լաւատես ենք, որովհետեւ Գալֆաեանցիներ այս անգամ յաջողեցան «հասնիլ» ժողովուրդին եւ թմբիրէն արթնցնել կարգ մը շրջանակները։
https://www.facebook.com/photo?fbid=466261093100643&set=a.135021036224652
İlk yorum yapan siz olun