Արդեօք վերջին անգամ ե՞րբ էր որ հայերէնով թատրոն մը դիտած էինք մեր բեմերուն վրայ։ Բաւական երկար պրպտեցինք «Մարմարա»ի լուսանկարչական արխիւները, մի առ մի բանալով «թատրոն» անունով «ֆայլ»երը եւ փորձելով յիշել թէ վերջին անգամ ո՞վ կամ ովքե՞ր բեմ ելած էին հայկական բեմադրութեամբ։ Մինչեւ վերջին 20-25 տարուայ «պրպտումները» տարին հասցուցին «Լեպլեպիճի Խորխոր աղա» երաժշտախաղ-ներկայացումը՝ Էսաեան Սանուց Միութեան վրայ եւ որպէս լուրջ բեմադրութիւն, այլ ո՛չ թէ զաւեշտի սեռէն թատերախաղ մը, դարձեա՛լ «Մահը ա՞յս է արդեօք» մենախաղը՝ այն ատեն Սօսի Ճնտոյեանի դերակատարութեամբ։
Ուրեմն գրեթէ երկու տասնամեակ յետոյ, մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի հանրայայտ ներկայացումը անգամ մը եւս կը ժամադրէր թատերասէրները, հայերէնով թատրոն մը դիտելու մոռցուած «մշակոյթ»ի մասին կը յիշեցնէր անոնց, զանոնք կը ժամադրէր նոյն սրահին մէջ ու կ’ապրեցնէր մենախաղի մը միջոցաւ առաւելագոյնը փոխանցելու հոյակապ դաս մը։
Ճիշդն ըսելու համար քիչ մը վերապահութեամբ գացինք «Ճեմիլ Ճանտաշ» մշակոյթի կեդրոնի սրահ։ Հայերէնի նկատմամբ ընդհանուր անտարբերութեան ծանր ցաւին տակ կքած, օրերէ ի վեր կը վախնայինք նոյնիսկ կազմակերպիչներուն հարցնելու թէ ինչպէ՞ս կ’ընթանար տոմսակներու վաճառքը, հրաւիրատոմսերը բոլորը հասա՞ծ էին իրենց հասցէատէրերո՞ւն թէ պակասներ կային, բայց այդ բոլոր մտավախութիւնները,-ի ուրախութիւն մեզ,- յօդս ցնդեցան. Մխիթարեան Սանուց Միութեան վարչութիւնը՝ Ատենապետ Արսէն Գովանի գլխաւորութեամբ, գնահատելի գործ մը տեսաւ, երկար ամիսներու կազմակերպչական աշխատութիւնները յաջողութեամբ պսակուեցան, ԱՐԺԱՆԻ՛Ն մատուցուցելով 200ամեայ Մխիթարեան վարժարանի երիցագոյն շրջանաւարտ, վարժարանի պանծալի անուններէն մեր ՆԱՀԱՊԵՏին, մեր անփոխարինելի Խմբագրապետին։
Մարմարա-ի ընտանիքի շնորհակալութեան խօսքերը այսօր հասցէագրուած են Մխիթարեան Սանուց Միութեան, մենախաղի բեմադրիչ եւ դերակատար, Ա.Զ.Ա.Թ (Ազատուհի Զարեհ Արշակ թատերախումբ) թատրոնի հիմնադիր Պէրթա Կիւվէնի, բեմին վրայ իրեն ընկերացող թատրոնի նուիրեալներուն, բոլոր աջակիցներուն եւ ի վերջոյ՝ պատուոյ հիւրերուն, երէկ սրահը լեցնող թատերասէր, յատկապէս ՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆը ապրեցնելու հետամուտ հասարակութեան, որ ցոյց տուաւ մայրենիի նկատմամբ իր անսասան ուխտը։
***
«Մահը ա՞յս է արդեօք»…։ Ռ. Հատտէճեանի խոհափիլիսոփայական մտածումներու արդիւնք այս մենախաղը քանի մը անգամ բեմադրուած է յայտնի դերասանուհիներու՝ Անի Իփփէքքայայի, Սօսի Ճնտոյեանի ու Սիրարփի Աճէմեանի կողմէ։ 2024ի տարեսկզբին ծնունդով պոլսահայուհի, Նիսաբնակ թատրոնի նուիրեալ, «Ա.Զ.Ա.Թ»ի հիմնադիր Պէրթա Կիւվէն որոշեց ի՛ր խաղը բեմադրել ու ներկայանալ Նիսի թատերասէրներուն։ Թատերախաղի յաջողութիւնը ոգեշնչեց թէ՛ զինքը եւ թէ այստեղէն շրջանակներ։ Մխիթարեան վարժարանի Մատակարար Մարմնի նախկին անդամուհիներէն Սոնա Մօրպոյաճը դարձաւ «կապող օղակ»ը եւ իրարու հետ ժամադրեց Մխիթարեան Սանուց Միութեան վարչութիւնն ու Պէրթա Կիւվէնը։ Գործակցութիւնը սկսաւ Յունիսին եւ ահաւասիկ չորս ամիս յետոյ «Մահը ա՞յս է արդեօք»ի հետ երէկ գիշեր հարիւրաւորներու հետ միասին ժամադրուեցանք «Ճեմիլ Ճանտաշ» սրահին մէջ, որ Շիշլիի քաղաքապետական Խորհուրդի անդամուհի Թալին Էրկիւնէշ-Կազէրի միջնորդութեամբ սիրայօժար կերպով տրամադրուած էր թատերախաղին համար։
Հարազատութեան անկեղծ ուրախութեամբ ողջունեցինք ամէն մէկու ներկայութիւնը, ոգեւորուեցանք տեսնելով որ աթոռները գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուն էին, հո՛ն էին համայնքային կեանքի թանկագին «կորիզ»ի այն ներկայացուցիչները, որոնք անվերապահ գնահատանքով կը մօտենան հայերէնով որեւէ ձեռնարկի, կը քաջալերեն այդ նախաձեռնութիւնները, կը յամենան հայերէնի շունչով, կը զգան մայրենիի քաղցրութիւնը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Գերյ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, վեղարաւոր այլ հայրեր եւ Քահանաներ, Մխիթարեան վարժարանի Մատակարար Մարմնի ամբողջ ընտանիքը՝ Ատենապետ Ռաֆայէլ Ալիքի գլխաւորութեամբ, Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ որ միշտ քաջալեր կը հանդիսանայ հայերէնով ներկայացուած կամ մեր մայրենիին ծառայող որեւէ ձեռնարկի, համայնքէն յարգարժան գործիչներ եւ մշակութասէրներու մեծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր ՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆի համար։
Բեմին երկու անկիւնները կը զարդարէին ծաղկեկողովներ՝ ուղարկուած Մատակարար Մարմնի եւ Շիշլիի Քաղաքապետ Ռեսիւլ Էմրահ Շահանի անունով։
Բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան անդամուհիներէն Լինա Չաւտար, ընդգծելով որ կը փորձեն վերակենդանացնել հայկական թատրոնի հարուստ աւանդութիւնները, նաեւ այս ներկայացումը կը ձօնեն Մխիթարեան վարժարանի 200ամեակին։
Յետոյ…։ Յետոյ վարագոյրը բացուեցաւ մեզ գլուխ գլխի թողլով հայ իրականութեան ամենացաւոտ ու բաց վէրքի՝ գաղթի, լաւ օրերու կամ լաւ ապագայի ակնկալութեամբ պանդխտութեան կոտտացող ցաւի, անդառնալի կարօտի, տարիներու բեռան տակ ամբարուած յիշատակներու, մայր-զաւակ քաղցր կապի փրթումի եւ բաժանումի որպէս հետեւանք՝ ուծացման ախտին հետ։
Արդեօք զո՞վ կամ որո՞ւ ընտանիքը որպէս «տիպար» առած էր մեր խմբագրապետը կամ ի՞նչ դէպք է որ զինք մղած էր գրելու այս մենախաղը, այսքան ցայտուն, այսքան անթաքոյց, այսքան անմիջական վերլուծութիւններով, մօր կերպարի ներկայացումով։
Դերասանուհի Պէրթա Կիւվէն ահաւասիկ ա՛յդ հայ մայրն էր, հայ մօր հաւաքական կերպարն էր «Տիկին Արաքսի»ի իր դերով, զոհաբեր այն մայրը, որ իր կեանքը «կառուցած էր» զաւակը հասցնելու, իր ձագուկին լաւ օրերը տեսնելու եւ ապրելու քաղցր պատրաստակամութեամբ։
Անսեթեւեթ խաղարկութիւնը, հայերէնի սահուն առոգանութիւնը, բեմին վայելելու, բեմը ի՛րմով լեցնելու վարպետութիւնը, հայերէն խօսքը հանդիսատեսին հասցնելու հաճոյքը տիրապետող էին ամէն դրուագին մէջ։ Կարծես պոլսահայ ընտանիքի մը յարկին տակ հիւրընկալուած էինք ու ակամայ դարձած «վկաներ»ը՝ նախ դէպքերու ուրախառիթ, յետոյ տխուր գնացքին։ Մօր մը լաւատեսութիւնը, յոյսերը, սպասումը, բաժանման անդառնալի կսկիծը, առանձնութիւնը, հիասթափութիւնը, իրականութեան հետ առերեսուելու ծանր պահերը. այս բոլոր զգայական վիճակներ էին, որոնք շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ խաղի ընթացքին կը խտանային դերասանուհիի դէմքին վրայ ու խաղարկութեան մէջ։
Նորարարութիւններ կային խաղի աւանդական գնացքին մէջ։ Բեմը լեցնելու, որեւէ պարապ վայրկեան կամ տեղ չձգելու համար անխօս խաղընկերներ ունէր։ Ամուսնոյն՝ Տելեմակի (դերասան Մուրատ Ճաւաք) երեւումը, անոր հետ յիշատակներու «կենդանացում»ը, սիրային զեղումներու արտայայտութիւնները կ’ամբողջացնէին ընտանիքի հին օրերու կատարեալ վիճակը, որդւոյն Արթիւրի (դերասան Արփէն Չինար), իր պահապան հրեշտակի (Տիանա Չիլինգարեան) պարբերաբար երեւումները, լուռ «զրոյց»ները, եւ ի վերջոյ՝ երաժշտութիւնը (դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքճու) յատկապէս ընտրուած մեղեդիները կը միահիւսուէին խօսքի ու դերասանական խաղի հետ, տպաւորիչ բազում վայրկեաններ ապրեցնելով ներկաներուն։
Մնացինք մենախաղի տպաւորութեան տակ։ Թէեւ ներկայացումը վերջացած էր, բայց կարծես կիսատ մնացած բան մը կար, կա՛մ իսկապէս վերջակէտ մը՝ «Մահը ա՞յս է արդեօք» արտայայտութեամբ, կա՛մ սպասում մը, որ որդին ի վերջոյ օր մը պիտի գար մօր մօտ, որ Տիկին Արաքսիի սրտամօտ երկու ընկերուհիները՝ մէկը (Անժելը) իր անկեղծութեամբ եւ սիրտ տալով, միւսը (Պերճուհին) թէեւ խայթող, բայց ճշմարտախօս պիտի տեսնէին որ զաւակը չէր մոռցած մայրը ու չէր յանձնուած ուծացման ծովու ալիքներուն։
Երկար ու երկար ծափահարեցինք Տիկին Պէրթա Կիւվէնն ու իր բեմընկերները՝ Մուրատ Ճաւաքը, Արփէն Չինարը, Տիանա Չիլինգարեանը եւ Պարէտ Չաղլըչուպուքճուն։ Թատերախաղի մասին ներկաներուն հետ իրենց տպաւորութիւնները բաժնեցին Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան ու Ամեն. Տ. Պատրիարք Հայրը (այս մասին կարդալ անջատաբար), վարչութեան անունով եւ Հոգեւոր Առաջնորդներու ձեռամբ արծաթեայ յուշապնակ մը յանձնուեցան Տիկին Պէրթային, եւ յուշատախտակներ՝ բեմընկերներուն։
Մե՛նք ալ խօսք մը ունէինք փոխանցելիք, մեր Խմբագրապետէն ուղերձ մը ունէինք եւ ատիկա հրապարակաւ ընելու առիթը չունեցանք. գոհացանք յատկապէս դերասանուհիին փոխանցելով։
Խմբանկարները, շնորհաւորութեան ու շնորհակալութեան զրոյցները աւարտին բերին անմոռանալի գիշերը։
ՄԱՐՄԱՐԱ
İlk yorum yapan siz olun