Սիրելիներ, ես ալ ձեզի նման, տարիներէ ի վեր մեր բեմերուն վրայ այսքան որակաւոր ներկայացում մը չեմ դիտած։ Այնպէս որ շնորհակալ ենք Մխիթարեան Սանուց Միութեան, որ մեզի ապրեցուց այս գիշերը։ Երբ այս սրահին կը նայիմ եւ կը նայիմ այս բեմադրութեան, երկու բան միաժամանակ իմ սրտին մէջ կ’արթննան. լաւատեսութիւն եւ յոռետեսութիւն։ Գիտէք որ այս երկուքը խորհրդանշելու համար կէս բաժակ ջուրը ցոյց կուտան։ Կէս բաժակ ջուրը ի՞նչ է։ Եթէ ըսես որ կէս գաւաթ է՝ լաւատես ես, եթէ ըսես որ անցեալ անգամ ասիկա լեցուն էր՝ յոռետես ես։ Մենք 50 հայկական եկեղեցի ունինք այս քաղաքին մէջ, 17 վարժարան, մօտաւորապէս 3000 աշակերտ, տասնեակներով Սանուց Միութիւններ, պարախումբեր, մարզանքի ակումբներ, 400 ուսուցչաց փաղանգ մը։ Այսինքն լաւատես ըլլալու առիթներ ունինք։ Բայց ամէն տարի գաւաթը կը պակսի եւ մենք այդ պակսած մասն ալ կը տեսնենք։ Հարկաւ թէ կ’աղօթենք Աստուծոյ որ այդ գաւաթը լեցուի, այդ յոյսով կ’ապրինք։ Հայկական մշակոյթը, պոլսահայ մշակոյթը հարկաւ թէ խնդիրներ ունի, սակայն այդ խնդիրները անյաղթահարելի չեն։ Այս գիշեր մեր տեսածները մեզի յոյս ներշնչեցին։
Տիկին Պէրթա, երբ մէկուկէս ժամ ձեզ դիտեցի, յիշեցի հիւթեղ խօսք մը։ Կ’ըսեն որ մարդուն միայն գոյութիւն պահելը չի բաւեր, մարդը պէտք է ճառագայթէ, դուք ճառագայթեցիք բեմին վրայ այս հոյակապ ներկայացումով։
Խաղը տպաւորիչ էր մեր Սփիւռքեան իրականութեան մասին կը խօսէր մեզի։ Քանի մը դասեր կային։ Պէտք է ամփոփենք այդ դասերը, որովհետեւ կարեւոր են։ Մէկն այն է որ առանձնութիւնը կեանքի ամէնէն դժուար կրելի իրականութիւնն է, առանձինն մի՛ մնաք, ձեր բարեկամներուն արժէքը գիտցէք եւ եթէ օր մը առանձինն պիտի մնաք ստիպողաբար, այն ատեն լաւ ապրեցէք ձեր օրերը եւ յիշատակներ դիզեցէք։ Յիշատակներ կուտակեցէք։ Ասիկա դասերէն մէկն է։
Երկրորդը մէկ զաւակ մի՛ ունենաք։ Կամ ընտանիքի մէկ զաւակը մի՛ ըլլաք։ Ատիկա ամէնէն մեծ դժբախտութիւններէն մէկն է։ Կը քննադատէինք երբ Նախագահ Էրտողանը ըսաւ «ամէն ընտանիք երեք զաւակ պէտք է ունենայ», յետոյ չորսի բարձրացուց այդ պահանջը։ Այս թատերախաղը գրելէ ետք Պր. Հատտէճեան ամէնէն շատ ի՛նք դաս տուած է, ըսելով երեք զաւակ ունեցէք որպէսզի ծերութեան առանձինն չմնայ։ Առանձինն չէ հիմա, իր զաւակներու գուրգուրանքին կ’արժանանայ (կը կարծենք որ Պատրիարք Հայրը նկատի ունէր մեր խմբագրապետի երկու որդիները՝ Արի եւ Այգ Հատտէճեանները եւ բարոյական զաւակը՝ Մարմարա-ն)։
Այստեղէն ողջոյն, բարեւ եւ առողջութեան ու երկար կեանքի արեւշատութիւն կը մաղթենք Ռ. Հատտէճեանին։ Ան իր կեանքով հարստացուց մեր գրականութիւնը, մեր պոլսահայ կեանքը եւ մեր աղօթքներն այն են որ իր գրականութենէն ուրիշներ ալ ազդուին եւ գրականութեան դաշտ իջնեն եւ անիկա իրենց կեանքի ասպարէզ դարձնեն։
Այս գիշեր շատ կարեւոր այդ դասերը ստացանք։ Ինչպէս Գերապայծառը ըսաւ, կը կրկնենք որ արտասահմանը փրկութիւն չէ, երբեմն շատ լաւ վիճակ ու կեանք ունեցողներ կ’ուզեն գաղթել։ Կը հարցնենք ինչո՞ւ, կ’ըսեն զաւակներս փրկել կ’ուզենք, բայց իրապէս փրկութիւն կա՞յ։ Մենք մեր արմատներուն տէրն ենք, եթէ հոս չենք պահպաներ մեր ընտանիքը, ուրիշ տեղ երբեք չենք կրնար պահպանել։
Այս ներկայացումը պէտք է ուրիշներ ալ դիտեն մեր վարժարաններու աշակերտները դիտեն, այդ ուղղութեամբ պէտք է կազմակերպուին։ Իրապէս մենք մեր մայրենի լեզուին համը ստացանք, թէ ինչպէ՞ս պէտք է հնչեցնել զայն, ի՜նչ հաճելի է լսել մայրենին։
Այս գիշերը առիթ է որպէսզի Արհիապատիւ Տէր Լեւոն Արքեպիսկոպոսին մեր գնահատանքը, մեր շնորհակալութիւնը յայտնենք։ Ան հրաժարած է պաշտօնէն, չի կրնար հրաժարիլ Պոլիսէն, մեր սիրտերէն, մեր բարեկամն է, պոլսահայութեան մեր մեծագոյն արժէքներէն մէկն է։ Շատ բան տուած է մեզի եւ պիտի տայ տակաւին։ Մեր մայրենի լեզուի հաւատարիմ զինուորներէն, զօրավարներէն մէկն է։ Աստուած իրեն ալ երկար կեանք եւ արեւշատութիւն տայ։ Մխիթարեան վարժարանին շատ բաներ տուած էք եւ պիտի տաք։ Վարժարանի 200ամեակն ալ կը շնորհաւորենք, պիտի տօնէք, վստահ եմ որ ձեր այդ տօնակատարութիւններով մեր մշակութային կեանքն ալ պիտի հարստանայ։
Շատ ապրի Մխիթարեանը, շատ ապրին Մխիթարեանցիները։
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՀՈՒՍԿ ԲԱՆՔԸ

https://www.facebook.com/photo?fbid=465545253172227&set=a.135021036224652
İlk yorum yapan siz olun