İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութիւն Յայտարարութիւն

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան որ ի Պէյրութ, 17 Հոկտեմբեր 2024 թուակիր պաշտօնական յայտարարութենէն քաղելով կը յայտարարենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին եւ մեր երկրի հասարակութեան, որ Նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքի եւ մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ Արհիապատիւ Սիւնհոդոսական Հայրերու 2024 թուականի Սեպտեմբեր 9-էն 12, Զմմառու Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Արտաքոյ կարգի ընտրական Սիւնհոդոս, որու ընթացքին ընդունուեցաւ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Աւագ թեմի Առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Լեւոն Արք. Զէքիեանի տարիքի բերմամբ ներկայացուցած հրաժարականը:

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ տնօրինութեամբ սոյն թուականի Հոկտեմբեր 2-ին, մինչ այս նոյն Աւագ Թեմին մէջ ծառայող Գերյարգելի Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանը անուանուեցաւ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Աւագ թեմին «Պատրարքական Կառավարիչ»:

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը երախտագիտութիւն կը յայտնէ Արհիապատիւ Տէր Լեւոն Արք. Զէքիեանին առաքելաջան եւ պտղաբեր Առաջնորդութեան համար եւ կը շնորհաւորէ Գերյարգելի Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանը՝ մաղթելով անոր բեղուն առաքելութիւն եւ հայցելով Զմմառու Տիրամօր բարեխօսութիւնը իր անձին եւ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Աւագ Թեմի հաւատաւոր ժողովուրդին:

՝

Իսթանպուլ

19 Հոկտեմբեր, 2024

Դիւան Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın